ԳԱՏԸԳԻՒՂԻ ԱՐԱՄԵԱՆ-ՈՒՆՃԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ ՇՐՋԱՆԱՒԱՐՏՈՒԹԵԱՆ ՀԱՆԴԷՍԸ ՓԱՅԼՈՒՆ ԱՆՑԱՒ
Գատըգիւղի ընտանիքը խանդավառ մթնոլորտի մը մէջ հրաժեշտ տուաւ թաղի Արամեան-Ունճեան վարժարանի 2022-2023 կրթական շրջանի հունձքին։ Դպրոցի պարտէզին մէջ տեղի ունեցաւ շրջանաւարտութեան հանդէսը, որով ստեղծուեցաւ տօնական մթնոլորտ։ Ներկայ էին Գատըգիւղի Ս. Թագաւոր եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Սարվէն Սերթշիմշէք եւ գործակից ընկերները, ինչպէս նաեւ Գատըգիւղի զանազան յարակից մարմիններու պատասխանատուներ, դպրոցի կրթական մշակներ, ծնողներ եւ հիւրեր։ Շնորհաւորութեան խօսքով մը հանդէս եկաւ վարժարանի տնօրէնուհի Թալին Պէրպէրօղլու, որ կրթական կեանքի շարունակութեան համար յաջողութիւն մաղթեց շրջանաւարտներուն, որոնք ջերմօրէն շրջապատուեցան հանդէսի բոլոր մասնակիցներուն կողմէ՝ մինչ իրենց յանձնուեցան նաեւ յուշանուէրներ։
Հանդէսի յայտագրի գործադրութենէն վերջ Արամեան-Ունճեան վարժարանի շրջանաւարտներուն ի պատիւ հատուեցաւ նաեւ պատրաստուած կարկանդակը։