ԵՆԻԳԻՒՂԷՆ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆ

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ ընդունեց Ենիգիւղի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի անդամները՝ գլխաւորութեամբ ատենապետ Կարպիս Գալայճեանի։ Ներկայ էր նաեւ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Տ. Զաքէոս Ծայրագոյն Վարդապետ Օհանեան։

Վարչայինները նախ շնորհակալութիւն յայտնեցին ընդունելութեան համար եւ նշեցին, թէ եկեղեցին կը կարօտի նորոգութեան ու բարեզարդման։ Այս պատճառաւ Պատրիարքարան փութացած են՝ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր հետ կարծիքի փոխանակում ունենալու համար։ Նորին Ամենապատուութիւնը տուաւ իր յորդորները եւ յատկապէս կարեւորեց անհրաժեշտ աշխատանքներու համար նորոգութեան յանձնախումբ մը կազմելը։ Ան նաեւ թելադրեց հոգեւոր հովիւին, թաղային խորհուրդին ու նորակազմ յանձնախումբի համատեղ աշխատանքով յառաջիկայ աշնան սկսիլ բարեզարդման։

Ընդունելութեան աւարտին Նորին Ամենապատուութիւնը հայրական օրհնութիւնը փոխանցեց թաղային խորհուրդի ներկայացուցիչներուն եւ յաջողութիւն մաղթեց իրենց գողտրիկ այս եկեղեցւոյ ի նպաստ գործունէութեանց կապակցութեամբ։

Երեքշաբթի, Յունիս 20, 2023