ՊԷՅՕՂԼՈՒԻ ԸՆՏԱՆԻՔԻՆ ՈՒԽՏԱԳՆԱՑՈՒԹԻՒՆԸ
Պէյօղլուի ընտանիքը ներկայ արձակուրդի շրջանին ուխտագնացութիւն մը կատարեց դէպի Հայաստան եւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին։ Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեանի կողմէ գլխաւորուած ուխտաւորներու խումբին մէջ էին նաեւ Պէյօղլուի սուրբ եկեղեցեաց թաղային խորհուրդի ատենապետ Աքսէլ Թոփալեան եւ իր գործակից ընկերները, իրենց ընտանեկան անդամներով հանդերձ։
Պէյօղլուի ընտանիքին այս ուխտագնացութիւնը զուգորդուեցաւ վառ փուլերով։ Իսկապէս յատկանշական էր՝ մասնաւորապէս Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի հանգրուանը։ Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետը ընդունեց ուխտաւորներու խումբը, որոնց նկատմամբ ջերմ վերաբերմունք ցոյց տուաւ։ Վեհարանի գահասրահին մէջ տեղի ունեցած զրոյցի ընթացքին Նորին Սրբութիւնը բարձր գնահատեց պոլսահայութեան եկեղեցասէր ոգին։ Ուխտաւորները վեհարանէն եւ ընդհանրապէս Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնէն ներս կատարեցին շրջայց մը, որու իւրաքանչիւր փուլը առանձնապէս հետաքրքրական էր։ Հրաժեշտ առնելէ առաջ անոնք առիթն ունեցան նաեւ Վեհափառ Հայրապետին հետ լուսանկարուելու։ Հանդիպման ընթացքին Վեհափառ Հայրապետի կողքին էր Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի արարողակարգի եւ արտաքին յարաբերութիւններու պատասխանատու Տ. Նաթան Արք. Յովհաննիսեան։
Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեան ուխտագնացութեան օրերուն պատարագեց նաեւ Խոր Վիրապի վանքին մէջ։ Ան ժամերգութեան մըն ալ մասնակցեցաւ Սեւանի Ս. Առաքելոց վանքին մէջ։ Խոր Վիրապի Ս. Պատարագին ներկայ էր նաեւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի հրատարակչութեան բաժնի տնօրէն Տ. Արարատ Քհնյ. Պօղոսեան։
Պէյօղլուի ընտանիքին կողմէ կազմակերպուած ուխտագնացութեան մասնակիցները Հայաստանի եւ Երեւանի պատմամշակութային տեսարժան վայրերը շրջելու առընթեր, կեցութեան օրերուն մասնակցութիւն բերին նաեւ շարք մը գեղարուեստական ձեռնարկներու։
Թրքահայ կեանք
- 11/22/2024