Տ. ԱՐԱՄ ԱՐՔ. ԱԹԷՇԵԱՆ Կ՚ԱՅՑԵԼԷ ՀԱՅԱՍՏԱՆ

Կրօնական ժողովի ատենապետ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան երէկ գիշեր մեկնեցաւ Հայաստան՝ Իսթանպուլ-Երեւան ուղիղ չուերթով։ Իր կեցութեան օրերուն նորին սրբազնութիւնը պիտի նախագահէ Ս. Պսակի խորհրդակատարութեան մը, որ տեղի պիտի ունենայ Երեւանի Ս. Աննա եկեղեցւոյ մէջ։ Տ. Արամ Արքեպիսկոպոս Աթէշեան նոր պսակուելիք ամոլի ընտանիքին կողմէ հրաւէր ստացած է՝ հանդիսապետելու համար երիտասարդներու հարսանիքին։

Շուրջ շաբաթ մը Հայաստանի մէջ մնալէ վերջ, նորին սրբազնութիւնը պիտի վերադառնայ քաղաքս։

Շաբաթ, Յուլիս 20, 2019