ՓԱՌԱՇՈՒՔ ՀՐԱԺԵՇՏ

Պոլսահայութիւնը շաբաթավերջին յուզումնախառն մթնոլորտի մը մէջ հրաժեշտ տուաւ նորոգ հանգուցեալ տոց. տքթ. Վարդ Շիկահերին, որ մեծ յարգանք կը վայելէր՝ իբրեւ երէց սերունդէ մտաւորական։ Ֆէրիգիւղի Ս. Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ Վարդ Շիկահերի յուղարկաւորութիւնը, որու ընթացքին ընթերցուեցաւ Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի ցաւակցականը։ Փառաշուք հրաժեշտ մը նախատեսուած էր Վարդ Շիկահերի համար՝ թէեւ արարողութիւնը տեղի ունեցաւ քորոնաժահրի համաճարակով պայմանաւորուած սահմանափակումներուն համապատասխան։ Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան նախագահեց յուղարկաւորութեան եւ կուռ դամբանական մը խօսեցաւ Վարդ Շիկահերի մասին։ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր դամբանականը առանձնապէս կարդալ յարակից սիւնակին մէջ։

Վարդ Շիկահերի յուղարկաւորութեան հանդիսապետեց Տ. Արամ Արք. Աթէշեան։ Ներկայ էր նաեւ Կաթողիկէ հայոց վիճակաւոր Տ. Լեւոն Արք. Զեքիեան, որու կողքին էր Մխիթարեան միաբանութենէն Իսթանպուլի վանատունէն Հայր Յակովբոս Ծ. Վրդ. Չօփուրեան։ Պատրիարքական Փոխանորդ Տ. Գրիգոր Ա. Քհնյ. Տամատեան եւ մեր հոգեւորականաց դասէն բազմաթիւ ներկայացուցիչներ մասնակցեցան Վարդ Շիկահերի յուղարկաւորութեան։ Դագաղին շուրջ կերոնակիր էին տքթ. Արմենակ Մեծատուրեան, Վազգէն Պարըն, Մուրատ Ճաւաք եւ Նուրհան Բարունակեան։ Համայնքային շրջանակներէն դէմքեր եւ զանազան հաստատութիւններու ներկայացուցիչներ ալ փութացած էին մատուցելու իրենց վերջին յարգանքը։

Կրօնական ժողովի ատենապետ, Պատրիարքական Աթոռի լուսարարապետ ու դիւանապետ Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեան յուղարկաւորութեան ընթացքին ընթերցեց Վեհափառ Հայրապետի ցաւակցականը։ Այս առթիւ Նորին Սրբութիւնը յանուն Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդի եւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի միաբանութեան խորին ցաւակցութիւն եւ սրտակցութիւն կը յայտնէր՝ մեր ժողովուրդի արժանաւոր զաւակ, պոլսահայ ազգային-եկեղեցական կեանքի բազմավաստակ գործիչ ու անուանի մտաւորական Վարդ Շիկահերի մահուան առթիւ։ Վեհափառ Հայրապետը մատնանշած էր, որ Պոլիս կատարած այցելութեան ընթացքին առիթ ունեցած էր անձնապէս ճանչնալու հոգելոյս Վարդ Շիկահերը։ Նորին Սրբութիւնը շեշտած էր, որ Վարդ Շիկահերի ազգային, հասարակական, ստեղծագործական ու մանկավարժական գործունէութիւնը երախտիքի արժանի էր։ Հայոց Հայրապետի պատգամին մէջ ընդգծուած էր, որ Վարդ Շիկահեր որդին էր հոգելոյս Տ. Թովմա Ա. Քհնյ. Շիկահերի, հասակ առած ու ձեւաւորուած էր հոգեւոր ու ազգային իւրայատուկ միջավայրէ ներս եւ իր հոգւոյն մէջ անխախտ ձեւով կրած էր ծնողաց եկեղեցասիրութեան, ազգասիրութեան եւ հայրենասիրութեան ոգին։ Նորին Սրբութիւնը արժեւորած էր նաեւ Վարդ Շիկահերի մասնագիտական գործունէութիւնը։ Իր խօսքով՝ որպէս բարձր որակաւորում ստացած բժիշկ Վարդ Շիկահեր երկար տարիներ իր կարողութիւնները ծառայեցուցած էր մարդոց առողջութիւնը վերականգնելու աստուածահաճոյ գործին՝ մեծ համբաւ վաստակելով Պոլսոյ բժշկական եւ ակադեմական շրջանակներէն ներս։

Վեհափառ Հայրապետը առանձնապէս ընդգծած էր, որ մասնագիտական գործունէութեան զուգահեռ՝ Վարդ Շիկահեր մանկավարժական կարեւոր յանձնառութիւններ ունեցած էր Պոլսոյ եկեղեցիներու եւ հայկական վարժարաններու մէջ։ Հայոց Հայրապետը շեշտած էր, որ ողբացեալը տասնեակ տարիներ հայոց լեզու եւ գրականութիւն դասաւանդած էր մատաղ սերունդին, հայ գրի ու գրչութեան մշակ էր, Մեսրոպեան լեզուի մկրտեալ սպասաւոր։

«Աստուածատուր տաղանդով, գրական իւրօրինակ ճաշակով եւ հայկական ընդգծուած ոգիով ան եւ իր շնորհաշատ սերնդակիցները նախորդ դարու կէսերէն սկսեալ վերածնունդի նոր շունչ մը բերին արեւմտահայ գրականութեան մէջ իրենց ստեղծագործութիւններով՝ շարունակելով հարստացնել հայ գրականութեան լուսառատ ժառանգութիւնը։ Հանգուցեալի կուրծքը արժանիօրէն զարդարուած է Առաքելական մեր Սուրբ Եկեղեցւոյ «Ս. Սահակ-Ս. Մեսրոպ» պատուոյ բարձր շքանշանով, որ մեր եկեղեցւոյ արժանի գնահատականն է հաւատաւոր եւ ազգասէր հայորդիի», նշուած է Վեհափառ Հայրապետի ցաւակցականին մէջ։

«Տիրոջ կամքով պատուարժան հայորդին կը ճանապարհենք դէպի յաւիտենութիւն, ուր աստուածահաճոյ գործերով իրենց կեանքը իմաստաւորած հաւատաւոր հոգիներ կ՚արժանանան երկնային երանութեան բերկրանքին», նշած էր Վեհափառ Հայրապետը՝ հայցելով, որ Բարձրեալն Աստուած արարչական իր սիրով ու գթութեամբ խաղաղութեան մէջ ընդունի նորոգ հանգուցեալ հայորդի Վարդ Շիկահերի անմահ հոգին՝ արժանացնելով անթառամ պսակին։ Հուսկ, Վեհափառ Հայրապետը ցաւակցութիւն կը յայտնէր հանգուցեալի այրիին, զաւակներուն եւ ընտանիքին։

Յուղարկաւորութենէն վերջ նորոգ հանգուցեալ Վարդ Շիկահերի մարմինը ամփոփուեցաւ Պալըքլըի գերեզմանատան ընտանեկան դամբարանին մէջ։

Երկուշաբթի, Յուլիս 20, 2020