ՈՒԽՏԱԳՆԱՑՈՒԹԻՒՆ ԴԷՊԻ ՄՈՒՍԱ ԼԵՌ

Ըստ աւանդութեան, այս տարի եւս տեղի ունեցաւ Մուսա լերան Վաքըֆլըգիւղի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ անուան տօնախմբութիւնն ու աւանդական «Հարիսա Զատիկը»։ Ուխտագնացութիւնը գլխաւորեց Պատրիարքական տեղապահ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան։

16 ՕԳՈՍՏՈՍ 2019, ՈՒՐԲԱԹ

Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան առաւօտեան օդային ճամբով մեկնեցաւ դէպի Հաթայ։ Նորին սրբազնութեան կ՚ուղեկցէր Տ. Շիրվան Քհնյ. Միւրզեան։

Շուրջ մէկուկէս ժամուան ուղեւորութենէ մը ետք անոնք հասան Հաթայի օդակայանը, ուր պատուոյ սրահին մէջ հանգստացան պահ մը։ Օդակայան փութացած էին Անտիոքի շրջանի հոգեւոր հովիւ Տ. Աւետիս Քհնյ. Թապաշեան, Աղեքսանդրիկի Ս. Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ ծխական խորհուրդի ատենապետ Կարպիս Քըսատուր եւ Վաքըֆլըգիւղի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ ծխական խորհուրդի ատենապետ Ճեմ Չափար։

Շքախումբը նախ ուղղուեցաւ Աղեքսանդրիկի Ս. Քառասնից Մանկանց եկեղեցին, ուր աղօթք տեղի ունեցաւ։ Ապա, տեղապահ սրբազան հայրն ու հետեւորդները քաղաքավարական այցելութիւն մը տուին Սամանտաղի գաւառապետ Մուրատ Քիւթիւքին, որու հետ տեղի ունեցաւ սիրալիր հանդիպում մը։ Նոյն երեկոյեան տեղապահ սրբազան հայրը բարձրացաւ պատմական Մուսա լերան Վաքըֆլըգիւղ, ուր հրապարակին վրայ մասնակցութեամբ ժողովուրդին սարքուեցան ընթրիքի սեղաններ։ Նորին սրբազնութիւնը իջեւանեցաւ գիւղի «Մեսրոպ Բ. Պատրիարք» համալիրին մէջ։

17 ՕԳՈՍՏՈՍ 2019, ՇԱԲԱԹ

Առաւօտեան ժամերէն սկսեալ գիւղ հասան նաեւ ուխտաւորներ։ Նորին սրբազնութիւնն ու հետեւորդները գաւառակի հրամանատար Հաքան Էօզտեմիրի հրաւէրով այցելեցին Գաբըսույու գիւղի զօրանոցը, ուր սրբազան հայրը ջրեց Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեանի կողմէ անցեալ տարի տնկուած ծառը եւ շը-նորհակալութիւն յայտնեց կատարուած ապահովութեան միջոցառումներուն համար։

Ժամը 17.30-ին, կատարուեցաւ կանոնական երեկոյեան ժամերգութիւն ու ապա տեղի ունեցաւ աղօրհնէք՝ նախագահութեամբ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեանի։ Իսկ երեկոյեան ժամը 20.30-ին, տեղի ունեցան Մուսա լերան աւանդական խրախճանքները՝ պատմական Անթէպեան ապարանքի բակին մէջ։ Ներկաներուն մէջ կը գտնուէին գիւղի ու շրջակայ այլ գիւղերու բնակիչներ, զանազան քաղաքներէ ու արտասահմանէն ժամանած ուխտաւորներ։ Երեկոյթին մասնակցեցան ու ներկաները իրենց երգերով ոգեւորեցին անուանի արուեստագէտներ՝ Մարթէն Եորկանց ու Պարթեւ Կարեան։ Ժամը 23.30-ին, նորին սրբազնութիւնը վառեց հարիսայի եօթ կաթսաներուն կրակները։

18 ՕԳՈՍՏՈՍ 2019, ԿԻՐԱԿԻ

Տեղի ունեցան Ս. Աստուածածնայ Վերափոխման տաղաւարի տօնակատարութիւնները՝ ներկայութեամբ հոծ բազմութեան մը, որ Վաքըֆլըգիւղ փութացած էր այս առթիւ։

Ժամը 10.30-ին, սկսաւ Ս. Պատարագը։ Պատարագիչն էր Տ. Աւետիս Քհնյ. Թապաշեան։ Երգեցողութիւնները կատարուեցան ուխտաւոր դպիրներու մասնակցութեամբ։ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան հանդիսապետեց Ս. Պատարագին, որու աւարտին ան տուաւ օրուան պատգամը։ Նորին սրբազնութիւնը շեշտեց, թէ ուրախութիւն կը զգայ աւանդական սոյն տօնակատարութեանց համար եւ ըսաւ, որ Վերափոխման տօնը կ՚ամրապնդէ մեր յարութեան յոյսը եւ խաղողը կը յիշեցնէ բարեաց Տուիչը։

Յաւարտ Ս. Պատարագի եկեղեցւոյ բակին մէջ կատարուեցաւ աւանդական խաղողօրհնէք։ Ապա հարիսայի կաթսաները օրհնուեցան մատաղի յատուկ աղօթնքերով ու բաժնուեցան ներկայ հաւատացեալներուն։ Ապա հանդիսադիր սրբազան հօր տուած օրհնութեամբ իր աւարտին հասան հանդիսաւոր ու պատմական արարողութիւնները, ուխտաւորներուն պարգեւելով ոգեւոր պահեր ու հոգեկան անհուն գոհունակութիւն։ Ուխտաւորներ տակաւ առ տակաւ հրաժեշտ առին գիւղէն ու սկսան մեկնիլ, յաջորդ տարի կրկին մէկտեղուելու յոյսով։

19 ՕԳՈՍՏՈՍ 2019, ԵՐԿՈՒՇԱԲԹԻ

Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան շարունակեց իր շփումները։

ԿՈՒՍԱԿԱԼԻՆ ՊԱՇՏՕՆԱԿԱՆ ԱՅՑ

Նորին սրբազնութիւնը իր հետեւորդներով, ժամը 10.30-ին, քաղաքավարական այցելութիւն մը տուաւ Հաթայի կուսակալ Ռահմի Տողանին։ Մեծայարգ կուսակալը բարի գալուստ մաղթեց սրբազան հօր։ Ան, ըսաւ, թէ հայեր կարեւոր ներկայութիւն եղած են Անատոլուի հողերուն վրայ եւ միշտ ալ ուրախութիւն եղած է միատեղ ապրիլը։ Ան շեշտեց նաեւ խաղաղութեան համար զօրաւոր պետականութեան կարեւորութիւնը։

Իր կարգին, սրբազան հայրը ըսաւ, որ եկած է գլխաւորելու ծանօթ ուխտագնացութիւնը, որու ընթացքին պարտականութիւն համարած է նահանգի պետական բարձրագոյն ներկայացուցիչին քաղաքավարական այցելութիւն տալ։ Ան շնորհակալութիւն յայտնեց թէ՛ ընծայուած ընդունելութեան եւ թէ արարողութեան կատարման կապակցութեամբ ընձեռուած դիւրութեանց համար։ Իբր յիշատակ այս այցելութեան՝ կուսակալին նուիրեց Պատրիարքական Աթոռոյ հաւաքածոյին մասին գիրք մը։

ՔԱՂԱՔԱՊԵՏԻՆ ՊԱՇՏՕՆԱԿԱՆ ԱՅՑ

Նորին սրբազնութիւնը իր հետեւորդներով, ժամը 11.15-ին, քաղաքավարական այցելութիւն մը տուաւ նաեւ Հաթայի քաղաքապետ Տոց. Տքթ. Լիւթֆի Սավաշին։ Սրբազան հայրը շնորհակալութիւն յայտնեց ընծայուած ընդունելութեան համար։ Իբր յիշատակ այս այցելութեան, քաղաքապետին նուիրեց հայ նկարիչներու մասին գիրք մը։ Իսկ քաղաքապետը նուիրեց տեղական արտադրութիւններէն նմոյշներ։

Այսպէսով իր աւարտին հասաւ ուխտագնացութիւնը եւ սկսաւ վերադարձի ճամբորդութիւնը։ Նորին սրբազնութիւնն ու ընկերակիցները 20 օգոստոս, երեքշաբթի, օդային ճամբով վերադարձաւ Իսթանպուլ։

Երեքշաբթի, Օգոստոս 20, 2019