ԳՆԱԼԸԻ ՄԷՋ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴՈՒԹԵԱՆ ԵՒ ՄԱՐՄՆԱՄԱՐԶԻ ՆԱԽԱՐԱՐՈՒԹԵԱՆ ԽՐԱԽՈՒՍԱՆՔՈՎ ՄԱՐԶԱԽԱՂԵՐ
Երէկ երեկոյեան Գնալը կղզիի մէջ տեղի ունեցաւ Նաւասարդեան խաղերու բացման հանդիսաւոր արարողութիւնը։ Երկար տարիներէ ի վեր աւանդութիւն ձեւաւորուած է, որ ամրան ամիսներուն զանազան ձեւաչափերու մէջ կղզիի վրայ կը կազմակերպուին այս անունով ձեռնարկներ։ Այս անգամուանը նախորդներէն քիչ մը աւելի տարբեր է՝ մանաւանդ, որ կազմակերպուած է Երիտասարդութեան եւ մարմնամարզի նախարարութեան խրախուսանքով։
Կղզիի մարզադաշտին վրայ կազմակերպուած բացման հանդիսութեան պատուոյ հիւրերն էին Իսթանպուլի փոխ-կուսակալ Նիյազի Էրթէն եւ Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամենապատիւ Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան։ Կղզեաց տեղական ինքնակառավարման մարմիններու ներկայացուցիչներու, կուսակցական գործիչներու եւ այլ բազմաթիւ հետաքրքիրներու մասնակցութեամբ կեանքի կոչուեցաւ բացման հանդիսութեան ծրագիրը։ Ամենապատիւ Սրբազան Պատրիարք Հօր կողքին էին Կղզեաց հոգեւոր հովիւ Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեան, Պատրիարքական փոխանորդ Տ. Գրիգոր Աւ. Քհնյ. Տամատեան, Կրօնական ժողովի ատենապետ Տ. Զաւէն Աւ. Քհնյ. Պըչաքճեան եւ Տ. Ներսէս Քհնյ. Այվազեան։ Ներկաներու շարքին էր նաեւ մեր յայտնի բարերարներէն, Գարակէօզեան Տան խնամակալութեան ատենապետ Տիգրան Կիւլմէզկիլ։ Ձեռնարկի ընթացքին Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր յուշանուէր մըն ալ յանձնեց «Լոյս մետիա»ի ղեկավարներէն Արամ Գուրան, որ այս ձեռնարկի կազմակերպիչներէն մին է։
Պաշտօնական դէմքերու ելոյթներէն վերջ ձեռնարկի ընթացքին բեմ առին մեներգչուհի Մարալ Այվազ-Չաղլըչուպուքչու, մեներգիչ Արի Պարութօղլու եւ «Մարալ» համոյթը։
Հարկ է նշել, որ Նաւասարդեան խաղերը կը շարունակուին ներկայ ամբողջ շաբաթավերջին։