ԷՍԱԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ ՄԷՋ ՎԵՐԱՄՈՒՏ

Է­սաեան վար­ժա­րա­նին մէջ ե­րէկ խան­դա­վառ մթնո­լոր­տի մը մէջ դի­մա­ւո­րուե­ցաւ 2016-2017 կրթա­կան շրջա­նը։ Ներ­կայ էին Պէ­յօղ­լուի Ս. Ե­կե­ղե­ցեաց թա­ղա­յին խոր­հուր­դի ա­տե­նա­պետ Ա­բիկ Հայ­րա­պե­տեան եւ իր ըն­կեր­նե­րը։ Լի­սէի բաժ­նի տնօ­րէ­նու­հի Սա­թե­նիկ Նշան եւ միջ­նա­կար­գի բաժ­նի տնօ­րէ­նու­հի Առ­լին Ե­շիլ­թէ­փէ վե­րա­մու­տի առ­թիւ շնոր­հա­ւո­րե­ցին բո­լոր ա­շա­կերտ­ներն ու կրթա­կան մշակ­նե­րը։ Վե­րա­մու­տի հան­դի­սու­թեան ներ­կայ էին նաեւ դպրո­ցի վեր­ջին շրջա­նա­ւարտ­նե­րէն ո­մանք, ո­րոնք յա­ջո­ղած էին մուտք գոր­ծել հա­մալ­սա­րան։ Է­սաեա­նի ըն­տա­նի­քի բո­լոր ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րը ջեր­մօ­րէն շրջա­պա­տե­ցին նաեւ կրտսե­րա­գոյն շրջա­նա­ւարտ­նե­րը եւ ա­նոնց յա­ջո­ղու­թեան մաղ­թանք­ներ յղե­ցին հա­մալ­սա­րա­նա­կան կեան­քի մէջ։

Ա­ռա­ջին զան­գի հնչու­մով է­սաեան­ցի ա­շա­կերտ­նե­րը ար­դէն ուղ­ղուե­ցան դէ­պի ի­րենց դա­սա­րան­նե­րը՝ նոր շրջա­նի ա­ռա­ջին դա­սին հե­տե­ւե­լու հա­մար։

 

Երեքշաբթի, Սեպտեմբեր 20, 2016