ԿԱԹՈՂԻԿԷ ՀԱՅՈՑ ՄԵԾ ԿՈՐՈՒՍՏԸ

Թուր­քիոյ հայ կա­թո­ղի­կէ հա­սա­րա­կու­թիւ­նը կը սգայ իր նախ­կին բազ­մա­մեայ վի­ճա­կա­ւո­րին՝ Տ. Յով­հան­նէս Արք. Չո­լա­քեան Գե­րա­պայ­ծա­ռի վախ­ճա­նու­մը։ Յա­ռա­ջա­ցեալ տա­րի­քի մէջ ի Տէր հան­գած է Գե­րա­պայ­ծա­ռը, որ անջն­ջե­լի հետք մը թո­ղած է Հայ Կա­թո­ղի­կէ հա­սա­րա­կու­թեան տա­րեգ­րու­թեանց մէջ։

Ան 97 տա­րե­կան հա­սա­կին հրա­ժեշտ կ՚առ­նէ իր հօ­տէն՝ 73 տա­րի որ­պէս քա­հա­նայ եւ 49 տա­րի որ­պէս ե­պիս­կո­պոս ծա­ռա­յու­թիւն մա­տու­ցե­լէ վերջ։ Նո­րոգ հան­գու­ցեալ Գե­րա­պայ­ծա­ռը տի­պար հո­գե­ւո­րա­կան մը ըլ­լա­լու ա­ռըն­թեր կրթա­կան մշակ մըն էր եւ բա­ռին բուն ի­մաս­տով մշա­կոյ­թի մարդ մը։

Հայ Կա­թո­ղի­կէ հա­սա­րա­կու­թիւ­նը խոր ցաւ կ՚ապ­րի Չո­լա­քեան Գե­րա­պայ­ծա­ռի կո­րուս­տին բե­րու­մով։ Յու­ղար­կա­ւո­րու­թիւ­նը տե­ղի պի­տի ու­նե­նայ յա­ռա­ջի­կայ Ուր­բաթ,  Թաք­սի­մի Ս. Յով­հան Ոս­կե­բե­րան ե­կե­ղեց­ւոյ մէջ։ 

Երեքշաբթի, Սեպտեմբեր 20, 2016