ՊԷԶՃԵԱՆ ՄԱՅՐ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻՆ ՄԷՋ ՀՆՉԵՑ ՎԵՐԱՄՈՒՏԻ ԶԱՆԳԸ

Պէզճեան Մայր վարժարանին մէջ 2018-2019 կրթական շրջանը սկսաւ մեծ խանդավառութեամբ։ Պատմական դպրոցը այս առթիւ ողջունեց իր 188-րդ վերամուտը՝ դռները լայն բացած իր սիրասուն սաներուն առջեւ։ Նոր տարեշրջանի մեկնարկին առթիւ աշակերտներուն հետ դպրոցին մէջ համախմբուեցան նաեւ իրենց ծնողները։ Ներկայ էին Աթոռանիստ Մայր եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Հրանդ Մոսկոֆեան եւ իր գործակից ընկերները, Գումգաբուի ընտանիքի պատասխանատուներ եւ այլ հիւրեր։ Տնօրէնուհի Թալին Նայիր արտասանեց ողջոյնի խօսք մը։ Հաւաքոյթի պատուոյ հիւրն էր հոգելոյս Փրոֆ. Յակոբ Կոթողեանի այրին՝ Սիւզան Կոթողեան, որ հնչեցուց առաջին զանգը։

Այսպէսով Մայր վարժարանի սաները վերադարձան իրենց գրասեղանին գլուխը։

Հինգշաբթի, Սեպտեմբեր 20, 2018