ԱՐԱՄԵԱՆ ՍԱՆՈՒՑ ՄԻՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ ՆՈՐ ԵՂԱՆԱԿԻ ԲԱՑՈՒՄ՝ «EMANETÇİ» ԺԱՊԱՒԷՆԻ ՑՈՒՑԱԴՐՈՒԹԵԱՄԲ

Գատըգիւղի Արամեան սանուց միութեան մէջ նոր եղանակին բացումը տեղի ունեցաւ եզակի մշակութային ձեռնարկով մը։ 2022-2023 շրջանի բացման առթիւ կազմակերպուած երեկոյթը միութեան երդիքին տակ համախմբեց զանազան սերունդներէ արամեանցիներ, գատըգիւղցիներ եւ մշակութասէրներ։

Հաւաքոյթի ընթացքին յանուն միութեան վարչութեան ներկաները ողջունեցին Ալին Շէնճան եւ Մարալ Էպէօղլու-Սաթար։

Նոր եղանակի բացման երեկոյթին ընթացքին ցուցադրուեցաւ «Emanetçi» փաստավաւերագրական ժապաւէնը, որու հեղինակն է Ֆաթիհ Կիւտէն։ Այս ժապաւէնը ձօնուած է Վարագայ վանքին։ Ինչպէս ծանօթ է, Վարագայ վանքը Վանի շրջանի հիմնական մեծ հայկական սրբավայրերէն մին եղած է եւ Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ պատմութեան մէջ ունի առանձնայատուկ տեղ մը։ Վարագայ վանքը, որ 1915-էն ի վեր լքուած եւ անմխիթար վիճակի մէջ կը գտնուի, միշտ ալ ուշադրութեան առարկայ սրբավայր մը եղած է՝ առկայ խոնարհուած վիճակով հանդերձ։ Վարագայ վանքի վերաբերեալ այս փաստավաւերագրական ժապաւէնը իսկապէս շատ հետաքրքրական էր, որովհետեւ պատմական սրբավայրը մէկ կողմէ կը ծանօթացնէր իր հոյակերտ ճարտարապետութեամբ, իսկ միւս կողմէ խոշորացոյցի տակ կ՚առնէր նաեւ հովիւ Մեհմէտը, որ 40 տարիէ ի վեր այս խոնարհուած վանքին տէր կը կանգնի՝ ըստ իր հօրը կտակին։

Երեկոյթին ներկայ էր նաեւ ժապաւէնի բեմադրիչը՝ Ֆաթիհ Կիւտէն, որու հետ ներկաներուն առջեւ հետաքրքրական հարցազրոյց մը ունեցաւ միութեան վարչութեան ատենապետ Սեւան Աթաօղլու։ Անմիջական այս զրոյցը առիթ հանդիսացաւ, որ մէկ կողմէ ժապաւէնի մասին զանազան հանգամանքներ բացայայտուին, իսկ միւս կողմէ ներկաներ կարողանան խորաթափանց պատկերացնել այս սրբավայրի նշանակութիւնը, այժմ մատնուած կացութիւնը եւ առթած զգացումները։

Յայտագրի գործադրութեան աւարտին սարքուած ընդունելութիւնն ալ առիթ հանդիսացաւ, որպէսզի ներկաները ջերմ ու անմիջական զրոյց ունենան իրարու միջեւ՝ մասնաւորապէս հարցումներ ուղղելու շարունակեն Ֆաթիհ Կիւտէնին։

Երեքշաբթի, Սեպտեմբեր 20, 2022