ՊԱՏՐԻԱՐՔԱՐԱՆԻ ԸՆԿԵՐԱՅԻՆ ՕԺԱՆԴԱԿՈՒԹԵԱՆ ՅԱՆՁՆԱԽՈՒՄԲԻ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՉՆԵՐԸ ԱՅՑԵԼԵՑԻՆ ԻՍԹԱՆՊՈՒԼԻ ԳԼԽԱՒՈՐ ՔԱՂԱՔԱՊԵՏԱՐԱՆ

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեանի օրհնութեամբ, երէկ, Պատրիարքարանի Ընկերային օժանդակութեան յանձնախումբի ներկայացուցիչներէն Խաչիկ Ճանէլ եւ Մանուկ Գալայճը այցելութիւն մը տուին Իսթանպուլի գլխաւոր քաղաքապետութեան ընկերային ծառայութիւններու բաժանմունքի ղեկավար Եավուզ Սալթըքին։ Հանդիպման ներկայ էին նաեւ մեր համայնքէն Թալին Էրկիւնէշ-Կազէր եւ Արէտ Չաքըճը։ Ինչպէս ծանօթ է, Պատրիարքարանի Ընկերային օժանդակութեան յանձնախումբը համավարակի շրջանին բեղուն գործունէութիւն կը ծաւալէ եւ իր նախաձեռնութիւններուն համար կը ձգտի զօրակցութիւն ապահովել զանազան լծակներէ։ Այս ծիրին մէջ համագործակցութիւն տեղի կ՚ունենայ նաեւ Իսթանպուլի գլխաւոր քաղաքապետութեան հետ։

Գումգաբուի աղբիւրներու հաղորդումներով, յանձնախումբի վարիչները նախ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր ողջոյնները փոխանցեցին եւ ապա յայտնեցին, թէ սոյն քաղաքավարական այցելութիւնը փոխադարձ այցելութեան բնոյթ ունի։ Մարտ ամսուան մէջ, Եավուզ Սալթըք Պատրիարքարան այցելած եւ յանձնախումբի գործունէութեանց մասին տեղեկութիւններ ստացած էր։ Պատրիարքական Աթոռոյ հովանաւորութեամբ կատարուած աշխատութիւնը տեսնելով ու գնահատելով՝ ինք նախաձեռնած էր, որպէսզի յանձնախումբի ցանկագրութեան մէջ գտնուող կարիքաւոր ընտանիքներուն տրամադրուին նուէրի տոմսեր։ Յանձնախումբի վարիչները սոյն նուիրատուութեան համար Ընկերային ծառայութեան բաժանմունքին շնորհակալութիւն յայտնեցին։ 

Հաճելի զրոյցի ընթացքին Եավուզ Սալթըք իր ուրախութիւնը յայտնեց, քանի իր գլխաւորած բաժանմունքին կողմէ ուղարկուած նուէրներու տոմսերը յանձնախումբի բծախնդիր աշխատութիւններով հասած էին իրենց տէրերուն։ Ան յայտնեց, թէ նման օժանդակութիւնները պիտի շարունակուին ապագային եւս։ Հանդիպման ընթացքին մեծապէս գնահատեց նաեւ Ընկերային օժանդակութեան յանձնախումբի կատարած բծախնդիր աշխատութիւնը եւ իր ողջոյնները յղեց նաեւ Նորին Ամենապատուութեան։

Չորեքշաբթի, Հոկտեմբեր 20, 2021