ԶՕՐԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ՀԱՒԱՔՈՅԹ

Գալֆաեան Տան հիմնադրութեան 151-րդ տարեդարձը երէկ հանդիսաւոր ձեւով նշուեցաւ Գումգաբուի մէջ։ Կրօնական եւ աշխարհիկ արարողութիւններուն նախագահեց Պատրիարքական տեղապահ Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեան, որ տուաւ նաեւ օրուան պատգամը։ Ս. Աստուածածին Աթոռանիստ Մայր եկեղեցին լեցուած էր առաւօտեան կանուխ ժամերէն սկսեալ։ Ս. Պատարագը մատոյց Տ. Յարութիւն Աբեղայ Տամատեան։ Ներկայ էին նաեւ Տ. Անդրէաս Ա. Քհնյ. Յակոբեան եւ Քոյր Գայիանէ Տուլքատիրեան։ Ս. Սեղանին սպասարկեցին Ռոպէր Սրկ. Քիւչիւքաքպուլութ եւ այլ դպիրներ։ Երգեցողութիւնները կատարուեցան Գողթան դպրաց դաս-երգչախումբին կողմէ՝ ղեկավարութեամբ Յովսէփ Գույումճեանի եւ երգեհոնահարութեամբ Կարպիս Քըլըճեանի։ Արարողութեան հետեւեցան նաեւ Գալֆաեանէն խումբ մը սաներ, գլխաւորութեամբ իրենց տնօրէնուհիին՝ Թամար Ներկիզի։ Յաւարտ Ս. Պատարագի կատարուեցաւ հոգեհանգստեան պաշտօն, որու ընթացքին ոգեկոչուեցան Գալֆաեան Տան հիմնադիր Սրբուհի Մայրապետ Գալֆաեան, ինչպէս նաեւ միաբանութեան բոլոր անդամները, դպրոցի անդարձ բաժնուած բոլոր կրթական մշակները, վարչայինները, սատարողներն ու սաները։

Կրօնական արարողութիւններէն վերջ յարակից Պէզճեան սրահին մէջ սարքուեցաւ սիրոյ սեղան։ Աշխարհիկ հանդիսութեան եւս նախագահեց տեղապահ սրբազան հայրը, որու կողքին էր պատարագիչ հայր սուրբը։ Հաւաքոյթին մասնակցեցան՝ Սեւ ծովեան տնտեսական համագործակցութեան կազմակերպութեան մօտ Հայաստանի մշտական ներկայացուցիչ Արսէն Աւագեան, ներկայացուցչական խորհրդական Իկոր Մարտիրոսեան, Պէշիկթաշի քաղաքապետարանէն Նուրհան Փալաքօղլու, բազմաթիւ ծանօթ ազգայիններ, բարերարներ, համայնքային մարմիններու ներկայացուցիչներ, հասարակական գործիչներ, համակիրներ եւ հիւրեր։

Օրուան յայտագիրը գործադրուեցաւ հանդիսավարութեամբ ուսուցչուհի Առլէթ Ինճիտիւզէնի։ Ելոյթներով հանդէս եկան խնամակալութեան ատենապետուհի Տիանա Գամբարոսեան, անդամներէն Յարութիւն Շէշէթեան եւ վարժարանի տնօրէնուհի Թամար Ներկիզ։ Գեղարուեստական բաժնին մէջ տղաքը ներկայացուցին պարեր, մարմնամարզի շարժումներ, ինչպէս նաեւ խմբերգներով հանդէս եկան՝ գլխաւորութեամբ Էրլին Թոմաօղլուի։ Խնամակալութիւնը յուշանուէր մը պատրաստած էր ուսուցչուհի Պրենտա Աքտաղի համար, որ տասն տարի կամաւոր ծառայութիւն մատուցած է դպրոցին համար։ Յուշանուէրը յանձնուեցաւ տեղապահ սրբազան հօր ձեռամբ։

Հանդիսութիւնը աւարտին հասաւ նորին սրբազնութեան խօսքերով եւ աղօթքով։

            

Երկուշաբթի, Նոյեմբեր 20, 2017