ԳԱՏԸԳԻՒՂԻ ՄԷՋ ՈԳԵԿՈՉՈՒԵՑԱՆ ՈՒՆՃԵԱՆ ՀԱՐԱԶԱՏՆԵՐԸ

Գատըգիւղի Ս. Թագաւոր եկեղեցւոյ մէջ, շաբաթավերջին, Ս. Պատարագի մատուցմամբ կատարուած հոգեհանգստեան պաշտօնով յիշատակուեցան ազգային հանրածանօթ բարերարներ՝ Աբիկ եւ Մաթուս Ունճեան հարազատները։ Արարողութեանց հան-դիսապետեց, Ս. Պատարագը մատոյց եւ աւուր պատշաճի քարոզեց եկեղեցւոյ քարոզիչ Տ. Յարութիւն Աբեղայ Տամատեան։

Ս. Սեղանին սպասարկեցին՝ Ուրարակիր Դպիրներ՝ Զարեհ Ազարեան եւ Արեգ Թաշճեան։ Ս. Պատարագի երգեցողութիւնները կատարեցին Ս. Թագաւոր դպրաց դաս-երգչախումբի անդամները՝ ղեկավարութեամբ  Սեւան Շէնճանի եւ երգեհոնահարութեամբ Արտէն Գարիպեանի։

Արարողութեանց ներկայ գտնուեցան եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Տ. Գրիգոր Ա. Քհնյ. Տամատեան, Ունճեան ընտանիքի շառաւիղէն Խաչիկ-Սաթի Մանկասարեանները, Ս. Թագաւոր եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Արման Պիւքիւճեան, Արամեան-Ունճեան վարժարանի հիմնադրի ներկայացուցիչ Սարվէն Սէրթշիմշէք, տնօրէնուհի Թալին Պէրպէրօէղլուի գլխաւորութեամբ կրթական մշակներ եւ աշակերտներ։

Տէրունական աղօթքէն առաջ հայր սուրբը քարոզեց «Ով որ ընդունի այս մանուկը իմ անունովս՝ զիս ընդունած կ՚ըլլայ» (Ղուկ. 9.48) բնաբանով։ Տ. Յարութիւն Աբեղայ Տամատեան յիշեցուց, թէ Տէր Յիսուս Քրիստոս իր հրաշքներուն եւ վարդապետութեան առընթեր, պարբերաբար իր աշակերտները Խաչելութեան եւ Յարութեան գաղափարներուն կը պատրաստէր։ Աշակերտները իմանալով իրենց վարդապետի իր մահուան մասին ըսածները, սկսած էին մտածել, թէ ո՞վ պիտի փոխարինէր Քրիստոսը։ Այնուհետեւ անոնք իրարու միջեւ սկսած էին վիճաբանիլ։ Իւրաքանչիւրը իր սրտին մէջ թաքնուած խորհուրդ մը ունէր Քրիստոսի յաջորդելու կապակցութեամբ։ Քրիստոս իմանալով այս զրոյցը, մանկավարժութեամբ կը մօտենայ աշակերտներուն, մանուկ մը կը կանչէ իր մօտ, ցոյց կու տայ զայն իր աշակերտներուն եւ կը շեշտէ, թէ մեծութեան գաղտնիքը այդ մանկան նմանելու մէջ կը կայանայ։ Այնուհետեւ Քրիստոս հոգեպէս մանուկներու նման սուրբ կենցաղ ունենելու խորհուրդը կու տայ իր հետեւորդներուն։ Հայր սուրբը ապա կանգ առաւ Աբիկ եւ Մաթուս Ունճեան հարազատներու կենցաղին շուրջ եւ ի միջի այլոց ըսաւ. «Եթէ մեր քսակը օգտագործելով մեզի նուէր մը պիտի առնենք, ուշադրութիւն կ՚ընենք նիւթականին եւ որակին, եթէ ուրիշի քսակով մեզի նուէր մը պիտի առնենք, միայն ուշադրութիւն կ՚ընենք որակին, իսկ եթէ՝ մեր քսակով ուրիշին նուէր մը պիտի առնենք, միայն ուշադրութիւն կ՚ընենք նիւթականին։ Այս պարագան իւրաքանչիւր անձի համար ի զօրու է։ Իսկ ժողովուրդին ծոցէն ելած են այնպիսի բարերարներ, որոնք իրենց նուէրը ազգին նուիրած են ամենաբարձր որակով եւ ամենալաւ միջոցները օգտագործելով, ինչպէս պիտի ընէին իրենց անձնականին համար։ Ունճեան հարազատները կը պատկանին այն հաւատացեալ բարեսէր անձերուն, որոնք ազգային գիտակցութեամբ գիտցան իրենց ժողովուրդին հոգեւոր եւ կրթական արժէքներուն նիւթապէս եւ հոգեպէս օժանդակել։ Քրիստոս մանուկ մը ցոյց տուաւ առաքեալներուն, որպէս հաւատքի խորհրդանիշ, իսկ այսօր հոգեհանգստեան Ս. Պատարագով, եկեղեցին ժողովուրդին առջեւ որպէս բարի օրինակ ցոյց կու տայ Ունճեան եղբայրները։ Շատերուն միայն Արամեան-Ունճեան վարժարանէն ծանօթ այս եղբայրները, ո՛չ միայն Գատըգիւղին սատարեցին, այլեւ՝ պոլսահայութեան եւ գաւառի զանազան խաւերուն մեծաքանակ օժանդակութիւններ կատարեցին ու դարձան ազգային բարերարներ։ Հոգեպէս մանկան նմանելու լաւագոյն օրինակի դրսեւորումը եղաւ իրենց կեանքը, որուն ընդ մէջէն հաւատացեալներ կը տեսնեն թէ՛ հաւատարիմ քրիստոնեաներ ըլլալու եւ թէ վեհանձն սպասաւորներ ըլլալու խորհուրդը։ Փառք պէտք է տալ Աստուծոյ, որ մեր ազգին մէջէն հանած է նման օրինակելի անձեր ու լաւ պէտք է փարիլ այդ անձերէ աւանդուած հոգեւոր, ազգային եւ մշակութայիա արժէքներուն»։

Յաւարտ Ս. Պատարագի կատարուեցաւ հոգեհանստեան պաշտօն, Ունճեան հարազատներու հոգւոցն ի հանգիստ։ Եկեղեցական արարողութեան աւարտին, եկեղեցւոյ սրահին մէջ, տեղի ունեցաւ սիրոյ սեղան՝ ի յիշատակ հանգուցեալ ազգայիններ Աբիկ եւ Մաթուս Ունճեան հարազատներու։ Այս առթիւ հայր սուրբը շնորհակալութիւն յայնեց ներկաներուն, որոնք յարգելով մեր նախնեաց աւանդութիւնը, իրենց մասնակցութիւնը բերած էին կիրակնօրեայ արարողութեան։

Երեքշաբթի, Նոյեմբեր 20, 2018