ԱԶՆՈՒՈՒԹԵԱՆ ՀԱՄԱՐ ԿՈՉ

Կրօնական ժողովի ատենապետ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան երէկ երեկոյեան Սկիւտարի սանուց միութեան մէջ ժողովրդական հանդիպումի մը մասնակցեցաւ եւ այս առթիւ հանդէս եկաւ կարեւոր յայտարարութիւններով։ Որպէս պատրիարքական թեկնածու՝ իր գլխաւորած Մանիշակագոյն շարժումին կողմէ կազմակերպուած այս երեկոյթը անցաւ խանդավառ մթնոլորտի մը մէջ։

Ձեռնարկի սկիզբին ողջոյնի խօսքով մը հանդէս եկաւ Սկիւտարի ընտանիքի համակրելի երիտասարդներէն Արտա Սունա։ Ներկաները, որոնք ամբողջութեամբ լեցուցած էին միութեան սրահը, ծափահարութիւններով ողջունեցին Մանիշակագոյն շարժումին կողմէ Սկիւտարի Ս. Խաչ, Ս. Կարապետ եկեղեցիներէն, Գուզկունճուքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցիէն եւ Պէյքոզի Ս. Նիկողայոս եկեղեցիէն առաջադրուած պատգամաւորի թեկնածուները։  Տ. Արամ Արք. Աթէշեան առաջին փուլին աղօթք մը արտասանեց ու վերյիշեց նաեւ հանգուցեալ սկիւտարցիները։ Լրագրող-հրապարակագիր Արա Գօչունեան պատրիարքական ընտրութեան գործընթացի ներկայ փուլին շուրջ ամփոփ արժեւորումով մը հանդէս եկաւ՝ անդրադառնալով երէկ իսկ տեղի ունեցած Իսթանպուլի կուսակալ Ալի Երլիքայայի Պատրիարքարան այցելութեան։

Ապա Տ. Արամ Արք. Աթէշեան ներածական խօսք մը արտասանեց ու պատասխանեց իրեն ուղղուած բոլոր հարցումներուն։ Նորին սրբազնութիւնը Սկիւտարի հաւաքոյթին ընթացքին ցաւով մատնանշեց, որ դժբախտաբար պատրիարքական ընտրութեան գործընթացէն ներս մրցակցութիւնը ընդունելի սահմաններէն դուրս յորդած է։ Ինք թէեւ կը ջանայ ամէն ձեւով զսպութեան հրաւիրել իր համակիրներն ու պատգամաւորի թեկնածուները, սակայն այդ զգայնութիւնը դժբախտաբար կը մնայ անպատասխան։ Նորին սրբազնութիւնը շեշտեց, որ այսօր դժբախտաբար նախընտրական մրցակցութեան ներգրաւուած են վարձկաններ, որոնք զանազան նուէրներ բաժնելով կը ջանան ազդել մեր ժողովուրդի խղճին վրայ։ Մանիշակագոյն շարժումի համակիրներն ու պատգամաւորի թեկնածուները կ՚ենթարկուին ճնշումներու եւ սպառնալիքներու եւ անոնցմէ կ՚ակնկալուին դաւաճանութիւններ։ Նոյնիսկ մեր մեծ թաղերուն մէջ նոր ընտրողներու արձանագրութիւններ կը կատարուին ապօրինի ձեւով, առանց կանոնադրութեան մէջ նախատեսուած ընթացակարգը յարգելու։ Կը յառաջանան ցաւալի եւ անտեղի լարուածութիւններ։ Զանազան ընտրաշրջաններու մէջ նոյնիսկ թաղային խորհուրդները կը դիմեն կարգազանցութեան, զարտուղի միջոցներու՝ իրենց համակրած թեկնածուին առաւելութիւններ ապահովելու համար։ «Մենք սկիզբին կ՚ըսէինք, որ սա քաղաքական ընտրութիւն մը չէ, սակայն հիմա արդէն վիճակը քաղաքական ընտրութիւններու մթնոլորտէն ալ աւելի վատացած է», ըսաւ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան եւ ազնուութեան համար կոչ ուղղեց բոլորին։

«Թողնենք, որ մեր համայնքը նախընտրութիւն մը ընէ ազատ կամքով։ Այլապէս, ով որ ալ բազմի գահուն վրայ՝ պիտի չհամարուի բոլորիս պատրիարքը եւ պիտի չարժանանայ բոլորիս յարգանքին», շեշտեց նորին սրբազնութիւնը եւ աւելցուց, որ նման պայմաններով ընտրուելիք թեկնածուն յաչս մեր համայնքին արժանի պատրիարք մը պիտի չհամարուի։ Սկիւտարի հաւաքոյթի ընթացքին Տ. Արամ Արք. Աթէշեան շեշտեց, որ եթէ իրադարձութիւնները ներկայ հունով շարունակուին, ապա դատաիրաւական մարմիններուն դիմելու անհրաժեշտութիւն պիտի յառաջանայ։ Ան շեշտեց, որ յառաջիկայ շրջանին կը նախատեսէ նաեւ դատական մարմիններուն դիմել բոլոր անոնց դէմ, որոնք ընկերային ցանցերու վրայ վիրաւորական եւ անարգական զրպարտութիւններով հանդէս կու գան իրեն դէմ։ Նորին սրբազնութիւնը ընդգծեց, որ յառաջիկայ օրերուն հանդիպում մը պիտի ունենայ Իսթանպուլի կուսակալ Ալի Երլիքայայի հետ եւ այդ տեսակցութեան վրայ մեծ յոյս կը դնէ՝ ակնկալելով, թէ պետութեան կողմէ ուղարկուած կանոնադրութեան անաչառ ու պատշաճ գործադրութիւնը անպայման պիտի երաշխաւորուի։ «Մենք բոլորս այստեղ ենք։ Ես ալ այստեղ եմ։ Մտադիր չենք որեւէ ձեւով զիջելու, տեղքայլ ընելու կամ ետ քաշուելու։ Կա՛մ արդար եւ անդորրութեան մէջ ընտրութիւն մը պիտի ըլլայ եւ կամ ընդհանրապէս բան մը պիտի չըլլայ», ըսաւ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան եւ աւելցուց, որ անհրաժեշտութեան պարագային Մանիշակագոյն շարժումը բոլորով աւելի արմատական քայլերու պիտի դիմէ։

Ներածական խօսքէն վերջ նորին սրբազնութիւնը մանրամասն պատասխաններ տուաւ իրեն ուղղուած բոլոր հարցումներուն։ Հանդիպման եզրափակիչ փուլին սարքուած պատուասիրութեան ժամանակ ալ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան ջերմօրէն շրջապատուեցաւ իր համակիրներուն կողմէ, որոնց հետ շարունակեց անմիջական զրոյցը, մինչ տեղի ունեցան նաեւ նկարահանումներ։

ՄԱՆԻՇԱԿԱԳՈՅՆ ՇԱՐԺՈՒՄԷՆ ԱՀԱԶԱՆԳ

Պատրիարքական թեկնածուներէն Տ. Արամ Արք. Աթէշեանի գլխաւորութեամբ ստեղծուած Մանիշակագոյն շարժումը այս առաւօտ ընկերային ցանցերու վրայ հանդէս եկաւ ուշագրաւ յայտարարութիւնով մը, որու բովանդակութեան մէջ ահազանգ կը հնչեցուի նախընտրական գործընթացէն ներս ստեղծուած իրավիճակին շուրջ։ Ստորեւ նոյնութեամբ կը հրատարակենք այս յայտարարութեան թրքերէն բնագիրը։

MOR HAREKETTEN ALARM!

Türkiye Ermenileri 85. Patriği seçimi sürecinin mevcut ortamında, Mor Hareket olarak toplumumuzla ivedilikle bazı gerçekleri paylaşmanın kaçınılmaz olduğu düşüncesindeyiz. Başepiskopos Aram Ateşyan’ın adaylığını destekleyen hareketimiz, herkese tarih önünde sorumluluklar düşen bir yol ayrımında, toplumumuzla bazı gerçekleri açıkça paylaşmanın bir ödeve dönüştüğü düşüncesindedir. Zira seçim süreci, ne yazık ki son derece endişe verici boyutlardadır.

Bugün artık adaletsizlik hat safhaya ulaşmış, ihlaller ve usulsüzlükler inanılmaz bir noktaya varmış bulunmaktadır. Sağlıklı bir rekabetin, minimum bir vicdanın izlerini mumla aramaktayız. Tarafsızlığını koruyamayan, zaten 8 üyesi (başkan yardımcısı ve heyetin sözcüsü dahil) peyderpey isyan ederek istifa etmiş olan, kalanları ise ağırlıklı olarak patrik kaymakamının açıkça yandaşı olan bir Müteşebbis Heyet, toplumumuzun vicdanının tecellisini engellemektedir. Cemaatimizin geniş kesimlerinden bize yoğun tepkiler intikal etmektedir. Delege adaylarımız baskıya maruz kalmaktadır. Üzülerek ifade etmeliyiz ki, Müteşebbis Heyet’in toplumsal itibarı kalmamıştır. Daha hiç taşradan söz etmiyoruz. Nitekim İstanbul’da durum skandal niteliğindedir. Usulsüz yeni seçmen kayıtları yapılmakta ve bu talihsizlik yerel vakıf yönetimlerinin olanak ve onayıyla gerçekleşmektedir. Delege adaylarımız baskı ve tehditlerle saf değiştirmeye zorlanmaktadır. Müteşebbis Heyet’in sayın başkanı, patrik adaylarından birisinin propagandasına doğrudan angaje olmuş, gerçekleştirdiği çeşitli temaslarda adayımızı yıpratmak için cüret sergilemektedir. Konumunun bilincinden uzak, fütursuz davranışlar sergileyen bu beyefendi, yanlı tutumuyla adeta seçim sürecini sabote etmektedir. Cemaat çevrelerimizde gittikçe aleyhimize organize bir operasyon yürütüldüğü kanaati uyanmaktadır. Tüm bu işaret ettiğimiz durumlar onaylanmış patrik kaymakamının da desteğiyle yaşanmaktadır ve en üzücüsü de, bir aday olarak tüm bunlardan fayda ummasıdır.

Bu açıklama bir mağduriyet endişesiyle ya da bir zaaf sonucu yapılmamıştır. Mevcut talihsiz süreç zaten çoktan mahkemelere taşınmış durumdadır. Hareketimiz, toplumumuza karşı beslediği güvene, sergilediği içtenliğe ve benimsediği şeffaflığa koşut olarak tüm bu gerçekleri gündeme taşımanın yararlı olacağına kanaat getirmiş bulunmaktadır. Mücadele gücümüz ve kararlılığımız, hareketimizin toplumsal geniş taban ve desteğiyle, büyük potansiyeliyle orantılı olarak, hiçbir kuşkuya mahal bırakmayacak düzeydedir.

Patrik seçimi takvimi bir yandan işlerken, mevcut gidişatla bu sürecin doğal akışıyla, mantıki sonucuna ulaşamayacağı konusunda derin bir endişeye kapılmış bulunmaktayız. Önümüzdeki aşamalarda sürecin genel adaletinin temini için ikna edici bir irade ortaya konulmaması durumunda, yasalardan kaynaklanan tüm haklarımızı saklı tuttuğumuzun bilinmesi arzusundayız.

Cemaatimize saygıyla duyurulur.

MOR HAREKET

Չորեքշաբթի, Նոյեմբեր 20, 2019