Կիրակի 2, Փետրուար 2025
ՏԻԳՐԱՆ ԿԻՒԼՄԷԶԿԻԼ ՅՈՒՇԱՆՈՒԷՐ ՄԸ ՍՏԱՑԱՒ ԶԵՔԻԵԱՆ ԳԵՐԱՊԱՅԾԱՌԻ ՁԵՌԱՄԲ
Յայտնի համայնքային բարերար եւ Գարակէօզեան Տան խնամակալութեան ատենապետ Տիգրան Կիւլմէզկիլ մեծարուեցաւ Պոմոնթիի Մխիթարեան վարժարանին մէջ։ Կաթողիկէ հայոց վիճակաւոր Տ. Լեւոն Արք. Զեքիեանի ձեռամբ Տիգրան Կիւլմէզկիլին յանձնուեցաւ յուշատախտակ մը։ Այս առթիւ իրեն ի պատիւ կազմակերպուած մեծարանքի հանդիսութեան ընթացքին շնորհաւորութեան խօսքով մը հանդէս եկաւ Պոմոնթիի Մխիթարեան վարժարանի հիմնադրի ներկայացուցիչ եւ տնօրէն Գարեգին Պարսամեան։ Արտայայտուեցաւ նաեւ Զեքիեան Գերապայծառ, որ բարձր գնահատեց դպրոցին ի նպաստ Տիգրան Կիւլմէզկիլի կողմէ բերուած զօրակցութիւնը։
Հանդիսութեան աւարտին ներկաներուն հետ Մխիթար Աբբահօր կիսանդրիին առջեւ տեղի ունեցաւ նկարահանում։
Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 20, 2018