«ԳՈՅՆԵՐՈՒ ՍԷՐԸ» ՍՕՍԻ ՃՆՏՈՅԵԱՆԻ ԵՐԱՆԳԱՒՈՐՈՒՄՈՎ

Երէկ երեկոյեան, Շիշլիի քաղաքապետութեան «Ճեմիլ Ճանտաշ-Քենթ» մշակոյթի կեդրոնին մէջ բացուեցաւ յայտնի արուեստագիտուհի Սօսի Ճնտոյեանի երանգաւորման ցուցահանդէսը։ Ան թէեւ համբաւ կը վայելէ որպէս դերասան ու բեմադրիչ, սակայն շուրջ տասն տարիէ ի վեր կը ստեղծագործէ նաեւ երանգաւորման ճիւղին մէջ։ Ան ամանորեան տօնածառեր կը ստեղծագործէ երանգաւորումով եւ իր աշխատանքները այս առումով ինքնուրոյն են։ Իր նոր ցուցահանդէսի բացման առթիւ Սօսի Ճնտոյեան երէկ ջերմօրէն շրջապատուեցաւ իր արուեստի համակիրներուն կողմէ։ «Գոյներու սէրը» խորագրեալ այս ցուցահանդէսը բաց պիտի մնայ մինչեւ շաբաթավերջ։

Ուրբաթ, Դեկտեմբեր 20, 2019