ԽԱՆԴԱՎԱՌ ՇՆՈՐՀԱՆԴԷՍ

Ֆէրիգիւղի «Շիրինօղլու» սրահին մէջ երէկ երեկոյեան տեղի ունեցաւ գիրքի շնորհանդէս մը, որ առիթ հանդիսացաւ խանդավառութեան։ Ինչպէս հաղորդած էինք, Մալաթիացի հայոց «Հայտէր» հայրենակցական միութեան եւ «Արաս» հրատարակչութեան համագործակցութեամբ վերջերս լոյս տեսած է Արշակ Ալպոյաճեանի յայտնի «Պատմութիւն Մալաթիոյ հայոց» գիրքի թրքերէն թարգմանութիւնը։ Տեղագրութեան պատմութեան եւ ազգագրութեան տեսակէտէ եզակի գործ մըն է այս մէկը, որու թարգմանութիւնը կատարուած է Սիրվարդ Մալխասեանի կողմէ։ Գործը հրատարակութեան պատրաստած են Ռոպէր Քոփթաշ եւ Օնուր Քոչեիղիթ։

Այս շահեկան գիրքի ծանօթացման հաւաքոյթը պատուեց Ամեն. Տ. Սահակ Ընտրեալ-պատրիարք Սրբազան Հայրը, որու կողքին էին Տ. Արամ Արք. Աթէշեան եւ Տ. Շիրվան Քհնյ. Միւրզեան։ Ներկայ էր նաեւ Սեւ ծովեան տնտեսական համագործակցութեան կազմակերպութեան մօտ Հայաստանի մշտական ներկայացուցիչ Սահակ Սարգսեան։

Հանդիսութեան ընթացքին ողջոյնի խօսքով մը հանդէս եկաւ նախաձեռնարկ միութեան վարչութեան ատենապետ Սարգիս Չիզմէճի։ Սրտի խօսք մըն ալ արտասանեց միութեան հիմնադիրներէն Յարութ Քուրումլու։ Արտայայտուեցան նաեւ Սիրվարդ Մալխասեան եւ Ռոպէր Քոփթաշ։ Մալաթիացի բանաստեղծ Ճեմալ Իւնալտը եւս իր զգացումները բաժնեց ներկաներուն հետ։

Հուսկ բանքը արտասանեց Նորին Ամենապատուութիւնը, որ բարձր գնահատեց այս թարգմանական ծրագրին նշանակութիւնը։

Յայտագրի գործադրումէն վերջ սարքուեցաւ ընդունելութիւն մը։

Ուրբաթ, Դեկտեմբեր 20, 2019