ԳԵՐԱՊԱՅԾԱՌԻՆ ԱՅՑԸ

Թուրքիոյ հայ կաթողիկէ հասարակութեան Վիճակաւոր Տ. Լեւոն Արք. Զեքիեան անցեալ շաբաթուան մէջ քաղաքավարական այցելութիւն մը տուաւ Իսթանպուլի նորանշանակ կուսակալ Ալի Երլիքայային։ Նահանգապետարանի մէջ տեղի ունեցած ջերմ հանդիպման ընթացքին Զեքիեան Գերապայծառ շնորհաւորութիւններ եւ յաջողութեան մաղթանքներ յղեց նորանշանակ կուսակալին։

Հանդիպման ընթացքին Զեքիեան Գերապայծառին ընկերացան Հայր Վարդան Ծ. Վրդ. Գազանճեան, Հայր Աբրահամ Ծ. Վրդ. Ֆըրատեան, Տ. Յակոբ Ա. Սրկ. Մինասեան եւ Արքեպիսկոպոսարանի քարտուղարուհի Նարօտ Մինասեան։

Երկուշաբթի, Յունուար 21, 2019