ԹՈՓԳԱԲՈՒԻ ԼԵՒՈՆ-ՎԱՐԴՈՒՀԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻՆ Ի ՆՊԱՍՏ ԿԱՆԱՆՑ ՀԱՒԱՔՈՅԹ

Պիւյիւքտէրէի «Ֆուատ փաշա» ապարանքին մէջ երէկ տեղի ունեցաւ Թոփգաբուի Լեւոն-Վարդուհեան վարժարանի ի նպաստ կանանց հաւաքոյթ մը։ Դպրոցի ծնողաց միութեան եւ եկեղեցւոյ տիկնանց յանձնախումբի համատեղ նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած այս «պրանչ»ը համախմբեց մեր համայնքէն շուրջ 300 տիկիններ, որոնք փութացած էին զանազան թաղերէ։ Վոսփորի գեղատեսիլ մթնոլորտին մէջ համա-խըմբուած հիւրերը ողջունեց Լեւոն-Վարդուհեան վարժարանի ծնողաց միութեան ատենապետուհի Քրիստին Քերթիշ։ Այս առթիւ ան մասնաւորապէս ընդգծեց, որ Լեւոն-Վարդուհեան վարժարանը կը ձգտի կրթութիւն ջամբել քաղաքի հեռաւոր շրջաններու բնակիչ մեր պատանիներուն։

Հաւաքոյթի ընթացքին տեղի ունեցաւ նաեւ վիճակահանութիւն։

Հինգշաբթի, Փետրուար 21, 2019