ՇԻՇԼԻՑԻՆԵՐԸ ԲՈԼՈՐ ՃԻՒՂԵՐՈՒ ՄԷՋ ՅԱՒԱԿՆՈՏ ՊԱՅՔԱՐ ԿԸ ՄՂԵՆ

Շիշլի մարզակումբի մարզիկները բոլոր ճիւղերուն մէջ կը շարունակեն իրենց մրցակցութիւնը։ Թէ՛ անհատական եւ թէ խմբային մարզաձեւերու մէջ ակումբին կողմէ արձանագրուած յաջողութիւնները արդէն կայուն հունի մը մէջ են։

Վերջերս Շիշլիի վոլէյպոլի աստղերու իգական կազմը արդէն յաջողեցաւ աւարտական փուլի բարձրանալու։ Այս յաջողութիւնը մեծ ուրախութիւն ստեղծած է ակումբի շրջանակներէն ներս։

Մարմնամարզի մէջ ալ շիշլիցիները կը քաղեն իրենց խտացեալ եւ կարգապահ աշխատանքին պտուղները։ Շիշլիցիները վերջերս մասնակցեցան Իսթանպուլի միջվարժարանային առաջնութեան, որու արդիւնքով արձանագրեցին նուաճումներ։

Պասքեթպոլի մէջ Շիշլիի մինչեւ 14 տարեկաններու եւ մինչեւ 12 տարեկաններու կազմերը վերջին օրերուն յաղթանակներ տօնեցին։ Վերջին երկու եղանակին Թուրքիոյ ախոյեանը հանդիսացած ֆութսալի խումբն ալ ամենայն հաւանականութեամբ կը շարունակէ ներկայ տարուան առաջնութեան պայքարը։

Ներկայ ամսուան սկիզբին մեկնարկած եւ վերջին օրերուն աւարտած «Իսթիքլալ» միջակումբային ճատրակի մրցաշարքն ալ դրական արդիւնք մը ունեցաւ ակումբին տեսակէտէ։ Արդարեւ, Շիշլիի ճատրակի Ա. կազմը այս կարեւոր մրցաշարքին մասնակցութիւն բերաւ եւ արդիւնքին 5-րդ հորիզոնականին վրայ տեղ զբաղեցուց։

Միւս կողմէ, ակումբին կողմէ կազմակերպուած դասընթացքներն ալ յաջողութեամբ կը շարունակուին։ Վերջերս Շիշլիի վարիչները որոշած են նաեւ մարմնամարզի դասընթացք մըն ալ կազմակերպել։ Այս նախաձեռնութիւնը արդէն մեծ ուշադրութեան առարկայ դարձած է, ինչ որ գոհունակութիւն կը պատճառէ վարչայիններուն։

Չորեքշաբթի, Փետրուար 21, 2024