ԾԱՓԱՀԱՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ ԵՒ ԱՂՕԹՔ

Գատըգիւղի Ս. Թագաւոր եկեղեցւոյ մէջ երէկ տեղի ունեցաւ մեր համայնքի բժշկական դասու երիցագոյն անդամներէն նորոգ հանգուցեալ Տքթ. Ժիրայր Քայնարի յուղարկաւորութեան արարողութիւնը։ Յուզումնախառն եւ փառաշուք արարողութիւնով մը հրաժեշտ տրուեցաւ Տքթ. Ժիրայր Քայնարի, որ այնքան բարի եւ անթառամ յիշատակ մը թողած է իր ետին։ Տասնամեակներ շարունակ բժշկագործելով ան ո՛չ միայն սիրաշահած էր մեր համայնքի անդամներուն սիրտը, այլ նաեւ՝ խոր յարգանքի արժանացած էր Գատըգիւղի բոլոր թաղեցիներուն, բոլոր խաւերուն կողմէ։ Այդ երեւոյթի վառ ապացոյցն էր, որ Գատըգիւղի շուկայի խանութպանները իր յուղարկաւորութեան օրը եկեղեցւոյ մօտակայքին քաղցրաւենիքներ բաժնեցին ժողովուրդին։

Տքթ. Ժիրայր Քայնարի յուղարկաւորութեան հանդիսապետեց Գատըգիւղի Ս. Թագաւոր եկեղեցւոյ քարոզիչ Տ. Յարութիւն Աբեղայ Տամատեան, որ խօսեցաւ նաեւ կուռ դամբանական մը՝ վեր առնելով լուսահոգի բժիշկի ասպարէզի վարպետութիւնն ու մարդկային առաքինութիւնները։ Ներկայ էր նաեւ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Արժ. Տ. Գրիգոր Ա. Քհնյ. Տամատեան։ Յուղարկաւորութեան աւարտին հանգուցեալ Տքթ. Ժիրայր Քայնարի մարմինը ամփոփուեցաւ Ուզունչայըրի գերեզմանատան ընտանեկան դամբարանին մէջ։ Երբ դագաղը եկեղեցիէն դուրս բերուեցաւ դէպի գերեզմանատուն փոխադրուելու համար՝ Գատըգիւղի շուկային մէջ ժողովուրդը բուռն ծափահարութիւններով արտայայտեց իր յարգանքը լուսահոգի բժիշկին նկատմամբ։ Այս տխուր առթիւ անգամ մը եւս մեր խոնարհումը կը բերենք հոգելոյս բժիշկի յիշատակին առջեւ ու կը վշտակցինք իր հարազատներուն։

Հինգշաբթի, Մարտ 21, 2019