ՀՐԱԺԵՇՏԻ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ

Պատրիարքական Աթոռի միաբաններէն Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեան արդէն աւարտեց իր կեցութիւնը Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւելեան թեմէն ներս։ Ինչպէս ծանօթ է, հայր սուրբը վերջին քանի մը ամիսներէն ի վեր կը գտնուէր Նիւ Եորքի մէջ։ Ան Արեւելեան թեմի առաջնորդ Տ. Մեսրոպ Վրդ. Պարսամեանի հսկողութեան ներքեւ այդ շրջանը անցուց Ս. Ներսէս ընծայարանէն ներս։ Երիտասարդ միաբանը թէ՛ կատարելագործեց իր ուսումը եւ թէ այս կարեւոր թեմէն ներս հովուական ծառայութեան փորձառութիւն կուտակեց։ Իր կեցութեան շրջանին Արեւելեան թեմի հոգեւոր իշխանութեան ընդարձակ սահմաններէն ներս ան այցելեց զանազան եկեղեցիներ, մատոյց պատարագներ, խօսեցաւ քարոզներ, հանդէս եկաւ դասախօսութիւններով։ Այդ բոլորը արժանացան հետաքրքրութեան ու մանաւանդ՝ բացառիկ նշանակութիւն ունեցան նախկին պոլսահայ շրջանակներուն համար։ Արեւելեան թեմէն ներս գտնուած ամիսներուն Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեան այցելեց նաեւ Արեւմտեան թեմ։

Այս բոլորէն վերջ, հայր սուրբը արդէն երէկուան դրութեամբ աւարտեց իր կեցութիւնը Արեւելեան թեմէն ներս։ Ան քաղաքավարական այցելութիւն մը տուաւ Տ. Մեսրոպ Վրդ. Պարսամեանին։ Առաջնորդ հայր սուրբէն հրաժեշտ առնելու ժամանակ՝ Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեան անոր փոխանցեց նաեւ Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեանի ողջոյնները։ Հայր սուրբը նաեւ երախտագիտութիւն յայտնեց Արեւելեան թեմէն ներս իրեն նկատմամբ ցուցաբերուած ջերմ վերաբերմունքին, հիւրասիրութեան համար։ Ան մասնաւորապէս ընդգծեց, որ Ս. Ներսէս ընծայարանէն ներս իր կեցութեան օրերը դարձած են անմոռանալի։ Իր կարգին, Տ. Մեսրոպ Վրդ. Պարսամեանն ալ դրուատիքով արտայայտուեցաւ երիտասարդ միաբանին կողմէ Արեւելեան թեմէն ներս գտնուած ժամանակաշրջանին տարուած աշխատանքին մասին։ Ան Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեանի կեցութեան շրջանը համարեց արդիւնաւէտ եւ անոր ապագայ ծառայութեան համար մաղթեց յաջողութիւններ։ Առաջնորդ հայր սուրբը, միեւնոյն ժամանակ, փոխադարձեց Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր ողջոյններուն։

Ինչպէս հաղորդած էինք, Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեան Նիւ Եորքէն հրաժեշտ առնելէ վերջ պիտի անցնի Հիւսիսային Ամերիկայի Գանատայի թեմը։ Թեմակալ առաջնորդ Տ. Աբգար Եպսկ. Յովակիմեանի օրհնութեամբ ան կեցութեան շրջան մըն ալ պիտի ունենայ Գանատայէն ներս՝ մանաւանդ այնտեղ պիտի անցընէ Աւագ շաբաթն ու Ս. Յարութեան տօնի շրջանը։ Այս բոլորէն վերջ, կը նախատեսուի, որ Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեան ամառնամուտին արդէն վերադառնայ Իսթանպուլ։

Երեքշաբթի, Մարտ 21, 2023