ՄԽԻԹԱՐԵԱՆԻ ԸՆՏԱՆԻՔԸ ԿԸ ՊԱՏՐԱՍՏՈՒԻ ԱՒԱՆԴԱԿԱՆ ԽԱՒԻԾԻ ՕՐՈՒԱՆ

Ե­րէկ, հա­ճոյքն ու­նե­ցանք խմբագ­րա­տանս մէջ հիւ­րըն­կա­լե­լու Մխի­թա­րեան միա­բա­նու­թեան Իս­թան­պու­լի վա­նա­տու­նէն Հայր Յա­կով­բոս Ծ. Վրդ. Չօ­փու­րեա­նը եւ վար­ժա­րա­նի Մա­տա­կա­րար մարմ­նէն Սօ­նա Մոր­պո­յա­ճըն։ Հա­ճե­լի զրոյ­ցի ըն­թաց­քին ա­նոնք տե­ղե­կա­ցու­ցին, թէ Մխի­թա­րեա­նի ըն­տա­նի­քը այս տա­րի եւս կը պատ­րաս­տուի ի­րա­կա­նաց­նել ա­ւան­դա­կան խա­ւի­ծի օ­րը, ո­րու նա­խա­պատ­րաս­տա­կան աշ­խա­տանք­նե­րը կ՚ըն­թա­նան թա­փով։ Ծա­նօթ է, որ բո­լոր մխի­թա­րեան­ցի­նե­րուն հա­մար խա­ւի­ծի օ­րը ու­նի ա­ռանձ­նա­յա­տուկ նշա­նա­կու­թիւն, ո­րով­հե­տեւ սա ա­ռիթ մը կ՚ըլ­լայ զա­նա­զան սե­րունդ­նե­րէ շրջա­նա­ւարտ­նե­րու հա­մախմբ­ման հա­մար։ Հայր Յա­կով­բոս Ծ. Վրդ. Չօ­փու­րեան եւ Սօ­նա Մոր­պո­յա­ճը յայտ­նե­ցին, որ Մխի­թա­րեա­նի ըն­տա­նի­քի պա­տաս­խա­նա­տու­նե­րուն հա­մար մե­ծա­գոյն հա­ճոյ­քը պի­տի ըլ­լայ հնա­րա­ւո­րինս բարձր թի­ւով սա­նե­րուն մաս­նակ­ցու­թիւ­նը այս ա­ւան­դա­կան հա­ւա­քոյ­թին։

Օգ­տուե­լով ա­ռի­թէն, Մխի­թա­րեա­նի ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րը անդ­րա­դար­ձան նաեւ դպրո­ցին յա­րա­կից ձեռ­նար­կուած հսկա­յա­կան շի­նա­րա­րու­թեան ըն­թաց­քին։ Շարք մը դի­ւա­նա­կա­լա­կան խնդիր­նե­րու բե­րու­մով ներ­կա­յիս շի­նա­րա­րու­թեան ըն­թաց­քը դան­դա­ղած է ու կը շա­րու­նա­կուի նուա­զա­գոյն թա­փով։ Ծա­նօթ է, որ մի­ջոց մը ա­ռաջ Մխի­թա­րեա­նի շի­նա­րա­րու­թեան տա­րած­քէն ներս ի յայտ ե­կած էր հնա­գի­տա­կան ար­ժէ­քով հոր մը եւ այս պատ­ճա­ռով ալ ամ­բողջ ծրա­գի­րը վե­րա­բա­նա­ձե­ւուած էր՝ այդ մէ­կը պաշտ­պա­նե­լիք ձե­ւով։ Հի­մա այս վի­ճա­կին մէջ նա­խա­գի­ծը վերս­տին հաս­տատ­ման փու­լե­րէ կ՚անց­նի եւ այս պատ­ճա­ռով ալ շի­նա­րա­րու­թեան ժամ­կէ­տը կրնայ նա­խա­տե­սուա­ծէն ա­ւե­լի եր­կար ըլ­լալ։

Յա­մե­նայն­դէպս, Հայր Յա­կով­բոս Ծ. Վրդ. Չօ­փու­րեա­նի բա­ցատ­րու­թիւն­նե­րով, ան­յաղ­թա­հա­րե­լի խնդիր­ներ չկան ու վեր­ջին հա­շուով նա­խա­տե­սուած հա­մա­լի­րը պի­տի կա­ռու­ցուի՝ ի գին ա­մէն զո­հո­ղու­թեան։

Երեքշաբթի, Ապրիլ 21, 2015