Երկուշաբթի 17, Փետրուար 2025
ՊԷՅՕՂԼՈՒԻ ԱՍՈՂԻԿ ԴՊՐԱՑ ԴԱՍ-ԵՐԳՉԱԽՈՒՄԲԷՆ ԴՊԻՐՆԵՐ ԿԸ ՄԵԿՆԻՆ ԼԵՀԱՍՏԱՆ
Գոհուանակութեամբ վերահասու կ՚ըլլանք, թէ Պէյօղլուի Ասողիկ Դպրաց Դաս-երգչախումբէն կարգ մը դպիրներ յառաջիկայ օրերուն պիտի այցելեն Լեհաստան։ Երաժշտագէտ Նշան Սրկ. Չալկըճեանի սաները մասնակցութիւն պիտի բերեն հոգեւոր երաժշտութեան փառատօնի մը։ Այս առթիւ անոնք պիտի ներկայացնեն հայկական հոգեւոր երաժշտութեան նմոյշներ՝ եւրոպացի ունկնդիրներուն համար։
Հարկ է նշել, որ դպիրներուն ուղեւորութիւնը տեղի կ՚ունենայ Պէյօղլուի Ս. Եկեղեցեաց թաղային խորհուրդի հովանաւորութեամբ։
Հինգշաբթի, Ապրիլ 21, 2016
Թրքահայ կեանք
- 02/17/2025