ՊՈՄՈՆԹԻԻ ՄԽԻԹԱՐԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻՆ ՄԷՋ ԲԱՆԱԽՕՍՈՒԹԻՒՆ

Պո­մոն­թիի Մխի­թա­րեան վար­ժա­րա­նին մէջ նա­խըն­թաց օր տե­ղի ու­նե­ցաւ մաս­նա­գի­տա­կան բա­նա­խօ­սու­թիւն մը, ո­րու նիւթն էր մին­չեւ վեց տա­րե­կան մա­նուկ­նե­րու հար­ցե­րու պա­րա­գա­յին ծնող­նե­րուն վի­ճա­կած պա­տաս­խա­նա­տուու­թիւ­նը։ «Մտա­յին հո­գե­բա­նա­կան խորհր­դակ­ցու­թեան կեդ­րոն»էն եր­կու հո­գե­բան­ներ՝ Էն­նա Էօք­քէ եւ Սեր­հան Է­քին այս առ­թիւ հան­դէս ե­կան բա­ցատ­րու­թիւն­նե­րով։ Մաս­նա­գէտ­նե­րը պա­տաս­խա­նե­ցին նաեւ հա­ւա­քոյ­թի մաս­նա­կից­նե­րու հար­ցում­նե­րուն։

Բա­նա­խօ­սու­թեան ներ­կայ էին վար­ժա­րա­նի մա­տա­կա­րար մարմ­նի ա­տե­նա­պե­տու­հի Ռի­թա Նուռ­նուռ, հիմ­նադ­րի ներ­կա­յա­ցու­ցիչ ու տնօ­րէն Գա­րե­գին Պար­սա­մեան, ու­սուց­չու­հի­ներ եւ ծնող­ներ։ Այս առ­թիւ Գա­րե­գին Պար­սա­մեան հան­դէս ե­կաւ նաեւ շնոր­հա­կա­լու­թեան խօս­քով մը։ 

Հինգշաբթի, Ապրիլ 21, 2016