ՊԱՔԸՐԳԻՒՂՑԻ ԿԱՆԱՆՑ ՀԱՒԱՔՈՅԹԸ

Ե­րէկ, Պա­քըր­գիւ­ղի Ծնունդ Ս. Աս­տուա­ծա­ծին ե­կե­ղեց­ւոյ աղ­քա­տախ­նամ տիկ­նանց կազ­մը հա­ւա­քոյթ մը կազ­մա­կեր­պեց Ա­թա­գիւ­ղի մէջ։ «Նոս­սա-Քոս­թա» ճա­շա­րա­նին մէջ հա­մախմ­բուե­ցան թէ՛ թա­ղե­ցի եւ թէ այլ զա­նա­զան թա­ղե­րէ փու­թա­ցած հա­մա­կիր տի­կին­ներ։ Ա­ռա­ւօ­տեան ժա­մե­րուն ա­նոնք հա­մախմ­բուե­ցան սե­ղան­նե­րու շուրջ եւ ջերմ մթնո­լոր­տի մը մէջ զրու­ցե­ցին ի­րա­րու հետ։ Տե­ղի ու­նե­ցաւ նաեւ վի­ճա­կա­հա­նու­թիւն մը, ո­րով հա­ճե­լի ա­նակն­կալ­ներ ու­նե­ցան շարք մը ներ­կա­ներ։

Հա­ւա­քոյ­թի կազ­մակ­րե­պիչ տի­կին­ներն էին հե­տե­ւեալ­նե­րը.

Զար­դու­հի Պուլ­տուք (ա­տե­նա­պե­տու­հի), Ե­ւա Թիթ­րե­քօղ­լու, Այ­տա Քան­թար­ճը, Ժա­նէթ Ան­նո­նէ եւ Ա­նա­հիտ Քու­զէլ։

 

Ուրբաթ, Ապրիլ 21, 2017