ՊԱՔԸՐԳԻՒՂՑԻՆԵՐԷՆ «ԵՐԳ ՊԱՆԴՈՒԽՏԻ»
Պաքըրգիւղի Ծնունդ Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մշակոյթի յանձնախումբին կողմէ կազմակերպուած ձեռնարկներու շարքը երէկ շարունակուեցաւ Աթագիւղի «Եունուս Էմրէ» մշակոյթի կեդրոնին մէջ։ Այս տարի Պաքըրգիւղի ընտանիքը Արամ Կոստանեանի բեմադրութեամբ ներկայացուց «Երգ պանդուխտի»ն, որ պատրաստուած է հրապարակագիր Բագրատ Էսդուգեանի համանուն գիրքին հիման վրայ։
Ձեռնարկին ներկայ գտնուեցան Տ. Զատիկ Աբեղայ Պապիկեան, Շիշլիի քաղաքապետարանէն Վազգէն Պարըն, Բագրատ-Սեդա Էսդուգեան ամոլը, համայնքային շրջանակներէն բազմաթիւ յայտնի դէմքեր եւ գեղարուեստասէրներ։
Հանդիսութեան սկիզբին կարգադիր յանձնախումբին անունով ողջոյնի խօսք մը արտասանեց Հերմինէ Պէնլիօղլու, որ նշեց, թէ ձեռնարկը ձօնուած էր մայրերուն։ Յայտագրին տեւողութեան դերակատարները ներկայացուցին յիշեալ գիրքէն զանազան դրուագներ։ Բոլոր ներկաները ջերմ ծափահարութիւններով ողջունեցին անոնց յաջող աշխատանքին արդիւնքը։
Երեկոյթի աւարտին յուշանուէրներ յանձնուեցան դերակատարներուն, ինչպէս նաեւ ներկայացման թեքնիկ պատասխանատուներուն։ Ելոյթ մըն ալ ունեցաւ Բագրատ Էսդուգեան։ Տատեան վարժարանի տնօրէնուհի Ալիս Պայրամ յուշանուէր մը յանձնեց Մաքրուհի Քէչիեոլուին, որ կատարած էր բեմայարդարումը։ Բեմադրիչ Արամ Կոստանեան յուշանուէրը ստացաւ փոքրիկ դերասաններուն ձեռամբ։ Շնորհակալութեան խօսք մըն ալ արտասանեց Պաքըրգիւղի թաղային խորհուրդի ատենապետ Մեսուտ Էօզտէմիր, որ իր հերթին ծաղկեփունջ մը յանձնեց Հերմինէ Պէնլիօղլուին։
Յաջորդած ընդունելութեան ընթացքին հանդիսատեսները ջերմօրէն շրջապատեցին ներկայացումը իրականացուցած խումբին անդամները, ինչպէս նաեւ հեղինակը։