ՆԱՅԻՐԵԱՆ ԴԱԼԱՐ ԲԱՐԴ

Գոհունակութեամբ վերահասու կ՚ըլլանք, թէ մեր համակրելի մեներգչուհիներէն Նուարդ Աւետիքօղլուի երաժշտական աշխարհէ ներս արձանագրած վերելքը այս շրջանին իրերայաջորդ ձեւով արձագանգ կը գտնէ հայկական զանազան զանգուածային լրատուութեան միջոցներուն մօտ։ Այսպէս, վերջերս Երեւանի «Հրապարակ» օրաթերթը դրուատալից յօդուածով մը անդրադարձաւ Նուարդ Աւետիքօղլուի գործունէութեան։ «Սփիւռքի մարգարիտները բերէք հայրենիք» խորագրեալ յօդուածը ստորագրուած էր Նուէրա Գալստեանի կողմէ։

Այս հրապարակումին մէջ առանձնապէս ուշադրութեան առարկայ դարձուած է Նուարդ Աւետիքօղլուի մեկնաբանական կարողութիւնը՝ մանաւանդ, «Արշալոյս էր, նոր էլ բացուել» երգով, որ այս շրջանին գրեթէ նոյնացած է մեներգչուհիին հետ։

Յօդուածի հեղինակը ընկերային ցանցերու վրայ ուշադրութեամբ հետեւած է Նուարդ Աւետիքօղլուի վերաբերեալ տեսանիւթերուն ու գրառումներուն։ Այս ամբողջին մէջ ան առանձնապէս մատնանշած է ԺԱՄԱՆԱԿ-ի հաղորդումները, որոնց հիման վրայ համոզուած է, թէ արուեստագիտուհին սերած է աւանդաշատ եւ աւանդապահ գերդաստանէ մը ու իր մէջ կը կրէ անոր ջիղն ու կոչումը։

Բաց աստի, հակառակ երիտասարդ տարիքին, մեներգչուհին հայ ազգային մշակոյթի եւ հոգեւոր արժէքներու անհուն «բեռը» կը կրէ իր մէջ՝ փափաքը սրտին մէջ, որպէսզի այդ բոլորը օր մը հասցնէ մայր Հայաստան։ Հուսկ, յօդուածի հեղինակը ընդգծած է, որ իր առաջին պատկերացումով Նուարդ Աւետիքօղլու կը մարմնաւորէ «Նայիրեան դալար բարդ»ի կերպարը, որ երկար ամիսներու ընթացքին չէ փոխուած, այլ բիւրեղացած է։  

Ուրբաթ, Մայիս 21, 2021