ԳՈՒՄԳԱԲՈՒԻ ՄԷՋ ՇՐՋԱՆԱՒԱՐՏԻՑ ՀԱՆԴԷՍ

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան շաբաթավերջին մասնակցեցաւ Պէզճեան Մայր վարժարանի շրջանաւարտից հանդէսին։ 2020-2021 տարեշրջանի ընթացաւարտները դպրոցէն հրաժեշտ առին Գումգաբուի «Պէզճեան» սրահի երդիքին տակ կազմակերպուած աւանդական հանդիսութիւնով մը, որու պատուոյ հիւրը եղաւ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը՝ իր կողքին ունենալով Տ. Շնորհք Աբղ. Տօնիկեանը։ Ձեռնարկին ներկայ գտնուեցան Գումգաբուի ընտանիքի վարիչները, Պէզճեան Մայր վարժարանի տնօրէնութեան եւ ուսուցչական կազմի ներկայացուցիչները, ծնողներ եւ աշակերտներ, որոնք փոխանակեցին բարեմաղթանքներ եւ շրջանաւարտները խրախուսեցին ապագայ յաջողութիւններու համար։

Նորին Ամենապատուութիւնն ալ հաւաքոյթի ընթացքին հանդէս եկաւ ելոյթով մը, որու ժամանակ գնահատեց Մայր վարժարանի շրջանաւարտները եւ հայրական յորդորներ տուաւ անոնց, որպէսզի կեանքի մէջ միշտ մարդկային առաքինութիւնները ուղեկից ըլլան անոնց եւ հասնին յաջողութիւններու։

Երկուշաբթի, Յունիս 21, 2021