Երկուշաբթի 27, Յունուար 2025
«ՄԵՆՔ ԵՐԳԵՆՔ ԵՒ ՊԱՐԵՆՔ»Ը ԳՆԱԼԸԻ ԲԱՐՁՈՒՆՔԻՆ ԸՆԹԱՑՔԻ ՄԷՋ
Գնալը կղզիի մէջ կը շարունակուի «Մենք երգենք եւ պարենք» համերգաշարը։ Նախընթաց օր այս ծրագրի երկրորդ ձեռնարկը տեղի ունեցաւ՝ մասնակցութեամբ Առէն Քոճապայի, Նարէ Էօզտաղի եւ Քամի Պիւյիւքիշմանի, որոնք իրենց երաժշտական յաջող կատարումներով արժանացան ծափահարութիւններու։
Երեկոյթին ներկայ գտնուեցան Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեան, Պատրիարքական փոխանորդ Տ. Գրիգոր Աւ. Քհնյ. Տամատեան եւ բազմաթիւ երաժշտասէրներ։ Բացումին ողջոյնի խօսքով մը հանդէս եկաւ Միրա Եիղիթէր։ Յայտագրին մասնակցութիւն բերաւ նաեւ արուեստագէտ Արամ Կոստանեան, որու ասմուքները գործեցին խոր տպաւորութիւն։ Ձեռնարկը աւարտին հասաւ Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեանի խօսքով՝ մինչ բոլոր ներկաները միասնաբար երգեցին «Սարի սիրուն եար»ը։
Հինգշաբթի, Յուլիս 21, 2022