ԳՈՒԶԿՈՒՆՃՈՒՔԻ ԵԿԵՂԵՑԻՆ ՏՈՒԺԵՑ ԱՅՍ ԱՌԱՒՕՏԵԱՆ ԱՆՁՐԵՒԷՆ

Այս առաւօտեան յորդառատ անձրեւը լուրջ խնդիր յառաջացուց Գուզկունճուքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ։ Տեղատարափի հետեւանքով ջուրերը լեցուեցան Գուզկունճուքի եկեղեցւոյ մէջ։ Թաղային խորհուրդի ատենապետ Եդուարդ Այվազեան անմիջապէս վրայ հասաւ։

Պաշտօնէութիւնը ձեռնարկեց ջրահեռացման աշխատանքի, որուն մասնակցեցաւ նաեւ ատենապետը։ Նախապէս ալ անձրեւի հետեւանքով տուժած էր Գուզկունճուքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցին։

Ուրբաթ, Օգոստոս 21, 2020