ԹՈՒՐՔԻՈՅ ՀԱՅ ԿԱԹՈՂԻԿԷ ՀԱՍԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆԸ ՀՐԱԺԵՇՏ ԿՈՒ ՏԱՅ ՆՈՐՈԳ ՎԱԽՃԱՆԵԱԼ ՉՈԼԱՔԵԱՆ ԳԵՐԱՊԱՅԾԱՌԻՆ

Թուր­քիոյ Հայ Կա­թո­ղի­կէ հա­սա­րա­կու­թեան նախ­կին բազ­մա­մեայ վի­ճա­կա­ւոր Ար­հիա­պա­տիւ Տ. Յով­հան­նէս Արք. Չո­լա­քեան Գե­րա­պայ­ծա­ռին մա­հը մեծ ցաւ ստեղ­ծած է պոլ­սա­հայ կեան­քէն ներս։ Տաս­նա­մեակ­ներ շա­րու­նակ իր հօ­տը հովուած Չո­լա­քեան Գե­րա­պայ­ծառ կը վեր­յի­շուի իր մարդ­կա­յին ա­ռա­քի­նու­թիւն­նե­րով եւ իր հա­րուստ կեն­սագ­րու­թեամբ։ Իր վախ­ճա­նու­մով հայ-կա­թո­ղի­կէ կղե­րա­կա­նաց դա­սէն կը հե­ռա­նայ տի­րա­կան ա­նուն մը, որ իր ծանր շու­քով միշտ առ­թած է պատ­կա­ռանք ու պա­տիւ բե­րած իր պատ­կա­նած նուի­րա­պե­տու­թեան։ Իր կեն­սագ­րու­թիւ­նը կեան­քի, ար­դիւ­նա­ւէ՛տ կեան­քի ու­ղի մըն է՝ ձեռք­բե­րում­նե­րով, լաւ ար­ժե­ւո­րուած ժա­մա­նա­կով։ Այդ ա­ռու­մով իր կեն­սագ­րու­թիւ­նը ու­սա­նե­լի եւ օ­րի­նա­կե­լի կը հա­մա­րուի նոր սե­րուն­դին հա­մար։

Յով­հան­նէս Վրդ. Չո­լա­քեան, Իս­թան­պու­լի Հայ Կա­թո­ղի­կէ Վի­ճա­կին Պատ­րիար­քա­կան Փո­խա­նոր­դը՝ մա­հուամբ եր­ջան­կա­յի­շա­տակ Պօ­ղոս Արք. Քի­րէ­ճեա­նի, որ ար­քե­պիս­կո­պո­սի հան­գա­ման­քով կը կոչուի հո­վուե­լու Իս­թան­պու­լի թե­մը։ Ծնած է Իս­թան­պուլ, 12 Ապ­րիլ 1919 թուա­կա­նին։ Ան անդ­րա­նիկ զա­ւակն է բազ­ման­դամ ը­նտա­նի­քի մը։ Հայ­րը բնիկ ա­տա­նա­ցի էր, իսկ մայ­րը՝ էյ­պէզ­ցի։

Սա­մա­թիոյ Սա­հա­կեան վար­ժա­րա­նի ման­կա­պար­տէ­զի բա­ժի­նը տա­րի մը յա­ճա­խե­լէ վերջ, նա­խակր­թա­րա­նի ու­սում­ը շա­րու­նա­կած է նախ Սէնթ-Էսփ­րի ֆրեր­նե­րու վար­ժա­րա­նը եւ յե­տոյ Ե­տի­գու­լէի ի­տա­լա­ցի տո­մի­նի­քեան մայ­րա­պետ­նե­րու երկ­սեռ վար­ժա­րա­նը, ուր ա­ռա­ջին ան­գամ իր մէջ զգա­ցած է կո­չու­մի նշան­ներ։

14 Սեպ­տեմ­բեր 1931 թուա­կա­նին կը մտնէ քա­ղա­քիս Միջ­ծի­սա­յին Սէն-Լուի դպրե­վան­քը, ուր ուս­մանց շրջա­նը բո­լո­րե­լէ ետք, 25 Հոկ­-տեմ­բեր 1937 թուա­կա­նին կը մեկ­նի Հռոմ, ա­շա­կեր­տե­լու Քա­հա­նա­յա­պե­տա­կան Լե­ւո­նեան վար­ժա­րա­նին։ Հոն կ՚ու­նե­նայ իբր ա­ռա­ջին մե­ծա­ւոր Վսեմ. Կար­տի­նալ Գրի­գոր Պետ­րոս Ա­ղա­ճա­նեա­նը, որ այն ա­տեն պար­զա­պէս ե­պիս­կո­պոս էր։ Կը հե­տե­ւի Հռո­մի Գրի­գո­րեան հա­մալ­սա­րա­նի Փի­լի­սո­փա­յու­թեան եւ աս­տուա­ծա­բա­նու­թեան դա­սըն­թացք­նե­րուն։ Բ. Հա­մաշ­խար­հա­յին պա­տե­րազ­մի հե­տե­ւան­քով, չկա­րե­նա­լով վե­րա­դառ­նալ իր թե­մը, եր­կու տա­րի կը հե­տե­ւի Ե­կե­ղե­ցա­կան ի­րա­ւա­գի­տու­թեան, զոր կի­սատ կը թո­ղու ա­ռող­ջու­թեան պատ­ճառ­նե­րով։

Կը ստա­նայ Կու­լա­կը, Ա­ւագ Հինգ­շաբ­թի օ­րը, 21 Մարտ 1940 թուա­կա­նին, իսկ Փոքր աս­տի­ճան­նե­րը՝ Կի­րա­կի, 28 Դեկ­տեմ­բեր 1941 թուա­կա­նին։ 7 Մարտ 1943 թուա­կա­նին, Բուն բա­րեկեն­դա­նի օ­րը կը ձեռ­նադ­րուի կի­սա­սար­կա­ւագ ու 25 Մար­տի Ա­ւետ­ման օ­րը՝ սար­կա­ւագ։ Նոյն տա­րին, Քրիս­տո­սի Հրա­շա­փառ Յա­րու­թեան տօ­նին՝ 25 Ապ­րիլ 1943 թուա­կա­նին քա­հա­նայ կ՚օ­ծուի, Հռո­մի Ս. Նի­կո­ղա­յոս ե­կե­ղե­ցին, ձե­ռամբ՝ եր­ջան­կա­յի­շա­տակ Սար­գիս Արք. Տէր-Աբ­րա­հա­մեա­նի, ու յա­ջորդ օ­րը կը մա­տու­ցա­նէ իր անդ­րա­նիկ Ս. Պա­տա­րա­գը։

Յա­ւարտ Բ. Հա­մաշ­խար­հա­յին պա­տե­րազ­մին, երբ տա­կա­ւին ծո­վա­յին ճամ­բոր­դու­թիւն­նե­րը բա­ւա­կան վտան­գա­ւոր էին, դժուա­րին պայ­ման­նե­րու ներ­քեւ կը վե­րա­դա­ռնայ իր թե­մը, ուր կը հաս­նի 14 Յու­լիս 1946 թուա­կա­նի Կի­րա­կի օ­րը կէ­սօ­րին։

Իր ա­ռա­քե­լու­թեան ա­ռա­ջին դաշ­տը կ՚ըլ­լայ Ա­թոռ. Ս. Աս­տուա­ծա­ծին ե­կե­ղե­ցին, ուր օգ­նա­կան ժո­ղովր­դա­պետ կը նշա­նա­կուի 25 Սեպ­տեմ­բեր 1946 թուա­կա­նին։ Այս թուա­կա­նէն սկսեալ իր պաշ­տօն­նե­րը կը շատ­նան հետզ­հե­տէ։ 7 Փետրուար 1947 թուա­կա­նին, կը կարգուի հո­գա­բար­ձու՝ Օր­թա­գիւ­ղի Ս. Գրի­գոր Լու­սա­ւո­րիչ ե­կե­ղե­ցիին։

1949 թուա­կա­նին, իր զի­նուո­րա­կան պար­տա­կա­նու­թիւ­նը կա­տա­րե­լու հա­մար կ՚եր­թայ Կե­լի­պո­լու։ Ան­գա­րա­յի Պա­հես­տի սպա­նե­րու վար­ժա­րա­նը ա­ւար­տե­լէ վերջ, կը ղրկուի Մեր­սին, ուր դեր-տե­ղա­կա­լի աս­տի­ճա­նով կը մար­զէ, հա­կաօ­դա­յին մար­զի մէջ, ի­րեն խնա­մուած զի­նուոր­նե­րը։

1950 թուա­կա­նի Մա­յի­սի 1-ին կը վե­րա­դառ­նայ իր ե­կե­ղե­ցա­կան պաշ­տօ­նին գլու­խը եւ նոյն տա­րուան Յու­նի­սի 10-ին կ՚ա­նուա­նուի մատ­րա­նա­պետ՝ Ս. Յա­կոբ հի­ւան­դա­նոց-ան­կե­լա­նո­ցի, մնա­լով միշտ օգ­նա­կան ժո­ղովր­դա­պետ Ս. Աստուա­ծա­ծին Ա­թոռ. ե­կե­ղեց­ւոյ։

1951 թուա­կա­նին կը հրա­ւի­րուի ֆրան­սե­րէն լե­զու դա­սա­ւան­դե­լու Սա­գը­զա­ղա­ճի Վե­նե­տի­կեան Մխի­թա­րեան հայ­րե­րու նա­խակր­թա­րա­նը, ինչ­պէս նաեւ կը կար­գուի բա­րո­յա­գի­տու­թեան եւ հա­յե­րէ­նի ու­սու­ցիչ Պէ­յօղ­լուի Ա­նա­րատ Յղու­թիւն միջ­նա­կարգ վար­ժա­րա­նին։ Նոյն տա­րին, Դեկ­տեմ­բեր 28-ին, Որդ­ւոց Ո­րոտ­ման տօ­նին, եր­ջան­կա­յի­շա­տակ Պօ­ղոս Արք. Քի­րէ­ճեան, յա­տուկ կոն­դա­կով զին­քը կ՚ա­նուա­նէ ժո­ղովր­դա­պետ՝ Ս. Աստուա­ծա­ծին Ա­թոռ. ե­կե­ղեց­ւոյ։

1960 թուա­կա­նի Մարտ ա­մի­սէն սկսեալ կ՚ա­նուա­նուի ու­սու­ցիչ Է­սաեան աղջ­կանց լի­սէին, ուր մին­չեւ 1976 թուա­կա­նը կը գրա­ւէ հո­գե­բա­նու­թեան, տրա­մա­բա­նու­թեան եւ փի­լի­սո­փա­յու­թեան ամ­պիոն­նե­րը։

1961 թուա­կա­նէն սկսեալ Յով­հան­նէս Վրդ. Չո­լա­քեան կ՚ըլ­լայ ան­մի­ջա­կան օգ­նա­կա­նը Ար­հի. Պօ­ղոս Արք. Քի­րէ­ճեա­նի, վա­րե­լով մին­չեւ ա­նոր մա­հը, ժո­ղովր­դա­պե­տի, քար­տու­ղա­րի, դի­ւա­նա­պե­տի եւ ար­քե­պիս­կո­պո­սա­կան փո­խա­նոր­դի պաշ­տօն­նե­րը։ Հան­գու­ցեալ Քի­րէ­ճեան Ար­քե­պիս­կո­պո­սի մա­հուը­նէ վերջ, 20 Ապ­րիլ 1965 թուա­կա­նին, Բարձ­րա­գոյն ե­կե­ղե­ցա­կան իշ­խա­նու­թեան կար­գադ­րու­թեամբ եւ յա­տուկ կոն­դա­կով կ՚ա­նուա­նուի պատ­րիար­քա­կան փո­խա­նորդ, մին­չեւ նոր վի­ճա­կա­ւո­րին ընտ­րու­թիւ­նը։

17 Նո­յեմ­բեր 1966 թուա­կա­նին, պաշ­տօ­նա­պէս կը հա­ղոր­դուի Գե­րա­պայ­ծառ Յով­հան­նէս Վրդ. Չո­լա­քեա­նի իր ա­նուա­նու­մը Իս­թան­պու­լի Ա­քե­պիս­կո­պո­սա­կան Ա­թո­ռին, խնդրե­լով ա­նոր հա­ւա­նու­թիւ­նը։ Վա­տի­կա­նի պաշ­տօ­նա­կան օր­կա­նը՝ Օս­սեր­վա­թո­րէ Ռո­մա­նօ 16 Յու­նուար 1967 թուա­կա­նին, պաշ­տօ­նա­պէս հրա­պա­րա­կեց այս ա­նուա­նու­մը, նա­խա­պէս Գե­րա­պայ­ծառ Վար­դա­պե­տին հա­ղոր­դուե­ցաւ այս պաշ­տօ­նա­կան հրա­տա­րա­կու­թեան թուա­կա­նը։

Գե­րա­պայ­ծառ Յով­հան­նէս Վրդ. Չո­լա­քեան ար­քե­պիս­կո­պո­սա­կան օ­ծու­մը ստա­ցաւ Հռոմ, 5 Մարտ 1967 թուա­կա­նին, ձե­ռամբ՝ Կար­տի­նալ Գրի­գոր Պետ­րոս Ա­ղա­ճա­նեա­նի, նա­խա­գահ Հա­ւա­տաս­փիւռ Ս. Ժո­ղո­վոյն։ Ա­ռըն­թե­րա­կայ ձեռ­նադ­րիչ էին Ար­հի. Կիւ­րեղ Եպսկ. Զօհ­րա­պեան, Տիտ­ղո­սա­ւոր ե­կե­ղե­ցեաց եւ Ար­հի. Կա­րա­պետ Եպսկ. Ա­մա­տու­նի Եք­սարք Ֆրան­սա­յի կա­թո­ղի­կէ հա­յոց։ Այս ա­ռի­թով, Կար­տի­նալ Ա­ղա­ճա­նեան նուի­րեց նո­րօծ ե­պիս­կո­պո­սին ոս­կեայ լան­ջա­խաչ մը եւ իր մա­նի­շա­կա­գոյն կար­տի­նա­լա­կան կա­պան։ Ն.Ս. Պօ­ղոս Զ. Քա­հա­նա­յա­պե­տը նուի­րեց ոս­կեայ լան­ջա­խաչ մը, իսկ Լե­ւո­նեան վար­ժա­րա­նը՝ մա­տա­նի մը։

Ար­հի. Յով­հան­նէս Արք. Չո­լա­քեա­նի գա­հա­կա­լու­թիւ­նը տե­ղի ու­նե­ցաւ հան­դի­սա­ւոր կեր­պով, 18 Մարտ 1967 թուա­կա­նին, Ա­թոռ. Ս. Աս­տուա­ծա­ծին ե­կե­ղեց­ւոյ մէջ, ուր մա­տոյց իր անդ­րա­նիկ հայ­րա­պե­տա­կան պա­տա­րա­գը, Ղա­լա­թիոյ Ս. Փրկիչ ե­կե­ղե­ցին, Զատ­կի երկ­րորդ օ­րը, այ­սինքն՝ 27 Մարտ 1967 թուա­կա­նի Եր­կու­շա­բ­­թի օ­րը։

18 Օ­գոս­տոս 1974 թուա­կա­նին, Ն.Ս. Պօ­ղոս Զ. Քա­հա­նա­յա­պե­տի կող­մէ կ՚ա­նուա­նուի ան­դամ Տիե­զե­րա­կան ե­կե­ղեց­ւոյ ե­պիս­կո­պո­սաց սիւն­հո­դո­սին Գ. հա­մա­ժո­ղո­վին։ Սա­կայն Ար­հի. Չո­լա­քեան հնա­րա­ւո­րու­թիւ­նը չու­նի մաս­նակ­ցե­լու այս ժո­ղո­վին, ո­րով­հե­տեւ ի­մաս­տա­սի­րու­թեան ու­սու­ցիչ ըլ­լա­լով Է­սաեան աղջ­կանց վար­ժա­րա­նը, չի կրնար բա­ցա­կա­յիլ սոյն վար­ժա­րա­նէն, ա­ռանց դժուա­րին կա­ցու­թեան մատ­նե­լու այս հաս­տա­տու­թիւ­նը։

1974 թուա­կա­նի Դեկ­տեմ­բե­րին ի­րեն կ՚ա­ռա­ջար­կուի Ս. Ա­թո­ռին կող­մէ կա­րե­ւոր պար­տա­կա­նու­թիւն մը։ Կարգ մը անձ­նա­կան եւ ըն­տա­նե­կան պատ­ճառ­նե­րու հե­տե­ւան­քով, յար­գան­քով կը մեր­ժէ այս վստա­հու­թեան կա­րե­ւոր պաշ­տօ­նը։

1986 թուա­կա­նի 4-7 Հոկ­տեմ­բե­րին, Թուր­քիոյ Ե­պիս­կո­պո­սաց ժո­ղո­վը կը ներ­կա­յաց­նէ Ֆրան­սա­յի Լիոն քա­ղա­քը, երբ նոյն թուա­կան­նե­րուն՝ Ն.Ս. Յով­հան­նէս-Պօ­ղոս Բ. Քա­հա­նա­յա­պե­տը կը կա­տա­րէ իր պաշ­տօ­նա­կան հո­վուա­կան այ­ցե­լու­թիւ­նը Լիոն եւ այլ վայ­րեր։ Ան ներ­կայ կ՚ըլ­լայ բո­լոր հան­դի­սու­թեանց։

Կը ներ­կա­յաց­նէ Թուր­քիոյ Ե­պիս­կո­պո­սաց ժո­ղո­վը տիե­զե­րա­կան ե­կե­ղեց­ւոյ ե­պիս­կո­պո­սաց սիւն­հո­դո­սին Է. հա­մա­ժո­ղո­վին, որ կը գու­մա­րուի Հռո­մի մէջ, 1987 թուա­կա­նի 1-30 Հոկ­տեմ­բե­րին։

Նմա­նա­պէս կը ներ­կա­յաց­նէ Թուր­քիոյ Ե­պիս­կո­պո­սաց ժո­ղո­վը Ֆրան­սա­յի Ե­պիս­կո­պո­սաց հա­մա­ժո­ղո­վին, որ կը գու­մա­րուի Լուր­տի մէջ, 1987 թուա­կա­նի 4-10 Նո­յեմ­բե­րին։

1991 թուա­կա­նի 28 Նո­յեմ­բեր-14 Դեկ­տեմ­բե­րի մի­ջեւ, Վա­տի­կա­նի մէջ գու­մա­րուե­ցաւ Եւ­րո­պա­յի Ե­պիս­կո­պոս­նե­րու բա­ցա­ռիկ սիւն­հո­դո­սը։ Քա­հա­նա­յա­պե­տա­կան ա­նուա­նու­մով Յով­հան­նէս Արք. Չո­լա­քեան մաս կազ­մեց այս բա­ցա­ռիկ սիւն­հո­դո­սին։

1992 Թուա­կա­նի Մա­յի­սի 11-ին, Եր­կու­շաբ­թի օ­րը, Թուր­քիոյ Ե­պիս­կո­պոս­նե­րու եւ ա­ռաջ­նորդ­նե­րու ժո­ղո­վը գու­մա­րեց իր տա­րե­կան Բ. նիս­տը։ Այս առ­թիւ Յով­հան­նէս Արք. Չո­լա­քեան ընտ­րուե­ցաւ նա­խա­գա­հը՝ Թուր­քիոյ Ե­պիս­կո­պո­սաց եւ ա­ռաջ­նորդ­նե­րու ժո­ղո­վին։

Ե­րէց սե­րուն­դի կամ մի­ջին տա­րի­քով­նե­րու յի­շո­ղու­թեան մէջ տա­կա­ւին թարմ է՝ Չո­լա­քեան Գե­րա­պայ­ծա­ռի յիս­նա­մեա­կին առ­թիւ կազ­մա­կեր­պուած յո­բե­լե­նա­կան հան­դի­սու­թիւ­նը։ Տա­կա­ւին մօ­տա­ւոր ան­ցեա­լին ալ նշուած էր իր քա­հա­նա­յա­կան ձեռ­նադ­րու­թեան եօ­թա­նա­սու­նա­մեա­կը, երբ ան Գա­տը­գիւ­ղի Սուրբ Լե­ւոն հայ կա­թո­ղի­կէ ե­կե­ղեց­ւոյ մէջ շրջա­պա­տուած էր ե­րախ­տա­գի­տա­կան զգա­ցում­նե­րով։ 2015 թուա­կա­նի Մա­յի­սի 24-ին, Թուր­քիոյ Հայ Կա­թո­ղի­կէ հա­սա­րա­կու­թիւ­նը մե­ծա­րեց իր վաս­տա­կա­ւոր վի­ճա­կա­ւո­րը՝ Տ. Յով­հան­նէս Արք. Չո­լա­քեա­նը։ Այս առ­թիւ Գա­տը­գիւ­ղի Ս. Լե­ւոն հայ կա­թո­ղի­կէ ե­կե­ղեց­ւոյ մէջ տե­ղի ու­նե­ցան կրօ­նա­կան եւ աշ­խար­հիկ ա­րա­րո­ղու­թիւն­նե­ր, ո­րոնց նա­խա­գա­հեց Թուր­քիոյ Հայ Կա­թո­ղի­կէ Հա­սա­րա­կու­թեան Վի­ճա­կա­ւոր Տ. Լե­ւոն Արք. Զէ­քիեան։

Չո­լա­քեան Գե­րա­պայ­ծառ յա­ռա­ջա­ցեալ տա­րի­քին զու­գա­հեռ փոր­ձեց կազ­մա­կեր­պել ան­ցու­մա­յին շրջան մը՝ որ­պէս­զի ու­նե­նայ յա­ջորդ մը։ Մին­չեւ իր ու­ժե­րուն նե­րած վեր­ջին փու­լը յա­մա­ռօ­րէն մնաց պաշ­տօ­նին գլու­խը, սա­կայն ա­ւե­լի վերջ նա­խընտ­րեց կո­չուիլ հանգս­տեան։ Նախ ի­րեն ա­ջա­կից ու­նե­ցաւ Տ. Գէորգ Արք. Խա­զու­մեան Գե­րա­պայ­ծա­ռը, իսկ ա­ւե­լի վերջ Չո­լա­քեան Գե­րա­պայ­ծառ ա­ռիթն ու­նե­ցաւ ող­ջու­նե­լու իր յա­ջոր­դը՝ Տ. Լե­ւոն Արք. Զէ­քիեան Գե­րա­պայ­ծա­ռը՝ որ­պէս նոր վի­ճա­կա­ւոր։ Հանգս­տեան կո­չուած շրջա­նին ալ շա­րու­նա­կեց իր մտա­ւոր աշ­խա­տան­քը, հրա­տա­րա­կեց գիր­քեր։ Բո­լո­րին հա­մար հա­ճե­լի եւ օրհ­նա­բեր էր իր ներ­կա­յու­թիւ­նը։ Յա­ռա­ջա­ցեալ տա­րի­քին հե­տե­ւան­քով տկա­րա­ցած էր ա­ռող­ջու­թիւ­նը ու վեր­ջերս փո­խադ­րուած էր հի­ւան­դա­նոց։ Ափ­սո՜ս, որ իր յոգ­նա­տանջ մար­մի­նը տա­կա­ւին չդի­մա­ցաւ, ի­րեն նմատ­մամբ ցու­ցա­բե­րուած խնամ­քը մնաց ա­պար­դիւն եւ Չո­լա­քեան Գե­րա­պայ­ծառ հո­գին ա­ւան­դեց երկ­նա­ւոր հօր ձեռ­քե­րուն մէջ։

Ան Ուր­բաթ օր պատ­շաճ շու­քով պի­տի ու­ղե­ւո­րուի դէ­պի յա­ւի­տե­նա­կան կեանք՝ իր սգա­ւոր հո­գե­ւոր եղ­բայր­նե­րուն եւ հա­ւա­տա­ցեալ հօ­տի ա­ղօթք­նե­րով։

Յար­գա՜նք իր վաս­տա­կին ու խունկ իր յի­շա­տա­կին։

Չորեքշաբթի, Սեպտեմբեր 21, 2016