ԽԱՉՎԵՐԱՑԻ ՏՕՆԱԿԱՏԱՐՈՒԹԻՒՆ ՍԿԻՒՏԱՐԻ ՍՈՒՐԲ ԽԱՉ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ

Խաչվերացի տօնին առթիւ, Սկիւտարի Ս. Խաչ եկեղեցւոյ մէջ ապրուեցաւ արտասովոր ոգեւորութիւն։ Տարեկան անուան տօնախմբութեան առթիւ, շաբաթավերջին Սկիւտարի բարձունքի մեր այս պատմական եկեղեցին դարձաւ հոծ թիւով հաւատացեալներու ժամադրավայրը։ Կրօնական եւ աշխարհիկ աւանդական արարողութիւններուն նախագահեց Պատրիարքական տեղապահ Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեան, որ տուաւ նաեւ օրուան պատգամը։ Ներկայ էր նաեւ Տ. Զատիկ Վրդ. Պապիկեան։ Պատարագիչն էր Տ. Յուսիկ Քհնյ. Հերկելեան։

Առաւօտեան կանուխ ժամերէն սկսեալ լեցուած էր եկեղեցին, ուր Ս. Պատարագին ընթացքին երգեցողութիւնները կատարուեցան Սկիւտարի Միացեալ Դպրաց Դաս-երգչախումբին կողմէ՝ ղեկավարութեամբ Գ եւ երգեհոնահարութեամբ Սիրուն Սիրունեանի։ Ս. Սեղանին սպասարկեցին Յակոբ Սրկ. Քեսկինեան, Արշաւիր Սրկ. Պիւյիւքիշման եւ այլ դպիրներ։ Յաւարտ Ս. Պատարագի տեղի ունեցաւ մատաղի օրհնութիւն եւ կատարուեցաւ հոգեհանգստեան պաշտօն։

Կրօնական արարողութիւններէն վերջ յարակից «Կիւլպէնկեան» սրահին մէջ սարքուեցաւ սիրոյ սեղան։ Աշխարհիկ հանդիսութեան եւս նախագահեց Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեան, որու կողքին էին հոգեւոր հայրերը։ Սկիւտարի Ս. Խաչ եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Յովհաննէս Կոպոյեան եւ իր ընկերները շատ ջերմ մթնոլորտի մը մէջ հիւրընկալեցին ներկաները, որոնց շարքին էին համայնքային մարմիններու ներկայացուցիչներ, հասարակական գործիչներ եւ հիւրեր։ Տիկնանց յանձնախումբին կողմէ սարքուած սեղաններուն շուրջ համախմբուած ներկաները հետեւեցան Պայծառ Սոլաքի կողմէ ներկայացուած թաղային խորհուրդի գործունէութեան տեղեկագրին։

Հաւաքոյթի ընթացքին Յովհաննէս Կոպոյեան յուշանուէր մը յանձնեց Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեանին, որ եղած էր Ս. Խաչ դպրեվանքի նախկին սաներէն։ Իսկ նորին սրբազնութեան ձեռամբ յուշանուէրներ ստացան Հրաչ եւ Յակոբ Քըրմըզեան եղբայրները եւ «Հայճար»էն Գէորգ Էօզգարակէօզ։ Ինչպէս ծանօթ է, Սկիւտարի գերեզմանատան Ս. Խաչ թաղամասէն ներս արքունի ճարտարապետներ Պալեան գերդաստանի անդամներուն նորակերտ յուշարձան-դամբարանը կառուցուած էր Հրաչ եւ Յակոբ Քըրմըզեան եղբայրներու բարերարութեամբ, ի յիշատակ իրենց հոգելոյս ծնողաց՝ Շնորհիկ եւ Վահրամ Քըրմըզեաններու, որոնք անցեալի մէջ եղած են Սկիւտարի բնակիչներ։ Իսկ Քըրմըզեաններու կողմէ ներդրուած միջոցները լաւագոյնս արժեւորուած էին «Հայճար»ի ջանքերով։

Ներկաներուն իր պատգամը փոխանցեց նաեւ Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեան։ Իր խօսքին մէջ նորին սրբազնութիւնը բարձր գնահատեց Ս. Խաչ եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդը, որ լուրջ ջանքեր կը գործադրէ Սկիւտարի բարձունքին մեր աւանդութիւնները կենսունակ պահելու առաջադրութեամբ։ Տեղապահ սրբազան հայրը շեշտեց, թէ թաղային խորհուրդը միշտ պատրաստակամ է իր հնարաւորութիւնները լիուլի սպաս դնելու մեր եկեղեցւոյ ու համայնքին տեսակէտէ դրական նպատակներու ի նպաստ։

Շաբաթավերջի Խաչվերացի տօնակատարութիւնները եզրափակուեցան աղօթքով եւ բոլորը հրաժեշտ առնելէ առաջ իրենց գնահատանքն ու զօրակցութեան զգացումները արտայայտեցին ատենապետ Յովհաննէս Կոպոյեանի կողմէ գլխաւորուած թաղային խորհուրդին ի նպաստ։

 

Հինգշաբթի, Սեպտեմբեր 21, 2017