ԱՐԹԻՒՐ ՊԱՂՏԱՍԱՐԵԱՆ ԵՒ ԷՏՎԻՆ ԿԱԼԻՊՕՂԼՈՒ ՀԱՄԵՐԳՈՎ ՄԸ ՀԱՆԴԷՍ ԵԿԱՆ ԵՐԵՒԱՆԻ ՄԷՋ

Պոլ­սա­հայ ե­րաժշ­տա­կան կեան­քէն եր­կու հա­մակ­րե­լի դէմ­քեր՝ մե­ներ­գիչ Ար­թիւր Պաղ­տա­սա­րեան եւ եր­գե­հո­նա­հար Էտ­վին Սրկ. Կա­լի­պօղ­լու վեր­ջերս այ­ցե­լե­ցին Հա­յաս­տան։ «Ծա­ռու­կեան» բա­րե­գոր­ծա­կան հիմ­նադ­րա­մի հո­վա­նա­ւո­րու­թեամբ տե­ղի ու­նե­ցաւ ա­նոնց ու­ղե­ւո­րու­թիւ­նը։ Ա­բո­վեան քա­ղա­քի Ս. Յով­հան­նէս Մկրտիչ ե­կե­ղեց­ւոյ մէջ եր­կու ա­րուես­տա­գէտ­նե­րը հան­դէս ե­կան եր­գե­հո­նա­յին հա­մեր­գով մը։ Յա­ւարտ կի­րակ­նօ­րեայ Ս. Պա­տա­րա­գի տե­ղի ու­նե­ցած այս ձեռ­նար­կին մաս­նակ­ցե­ցաւ նաեւ Կո­տայ­քի Թե­մի Ա­ռաջ­նորդ Տ. Ա­ռա­քել Արքեպիսկոպոս Գա­րա­մեան, որ բարձր գնա­հա­տեց պոլ­սա­հայ ա­րուես­տա­գէտ­նե­րուն ներ­կա­յա­ցու­ցած ճոխ ծրա­գի­րը։

Ար­թիւր Պաղ­տա­սա­րեան եւ Էտ­վին Կա­լի­պօղ­լու Ե­րե­ւա­նի մէջ ի­րենց կե­ցու­թեան շրջագ­ծով ըն­դու­նուե­ցան նաեւ Հա­յաս­տա­նի Սփիւռ­քի նա­խա­րար Հրա­նոյշ Յա­կո­բեա­նի կող­մէ։

Այ­ցե­լու­թեան ըն­թաց­քին զա­նա­զան զան­գուա­ծա­յին լրա­տուու­թեան մի­ջոց­նե­րու մօտ յայ­տա­րա­րու­թիւն­նե­րով ալ հան­դէս ե­կան Ար­թուր Պաղ­տա­սա­րեան եւ Էտ­վին Կա­լի­պօղ­լու։ Այս առ­թիւ ա­նոնք մատ­նան­շե­ցին մշա­կու­թա­յին կա­պե­րու ամ­րապնդ­ման կա­րե­ւո­րու­թիւ­նը։

 

Չորեքշաբթի, Հոկտեմբեր 21, 2015