ԷՍԱԵԱՆԻ ԱՇԱԿԵՐՏՆԵՐԸ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ ԳՐԱԴԱՐԱՆԻՆ ՄԷՋ ՀԻՒՐԸՆԿԱԼԵՑԻՆ ԺԱՄԱՆԱԿ-Ի ԽՄԲԱԳԻՐ ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆԸ
Էսաեան վարժարանի աշակերտները պատրաստութիւններ կը տեսնեն Թարգմանչաց տօնի եւ հայ մշակոյթի ամսուան առթիւ հանդէս մը իրականացնելու համար։ Այս ամբողջին մէջ անոնք հանդիպումներ կ՚ունենան մեր թերթերու եւ հրատարակչութիւններու պատասխանատուներուն հետ։ Այս ծրագիրը յառաջ կը տարուի մասնաւորապէս Էսաեանի այն սաներուն կողմէ, որոնց ծնողները Հայաստանէն արտագաղթելով քաղաքս հաստատուած են։
Էսաեանցի սաները այս շրջագծով նախընթաց օր դպրոցին մէջ հիւրընկալեցին ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթի գլխաւոր խմբագիր Արա Գօչունեանը։ Անոնք անմիջական ու հաճելի զրոյց մը կազմակերպած էին վարժարանի գրադարանին մէջ։ Ներկայ էին նաեւ Էսաեան վարժարանի տնօրէնուհի Սաթենիկ Նշան եւ հայերէն ուսուցչուհի Արմաւենի Միրօղլու։ Արա Գօչունեան պատասխանեց աշակերտներու հարցումներուն, որոնք ընդհանրապէս կը վերաբերէին տպագիր մամուլի այժմու կացութեան ու ներկայ իրավիճակին մէջ հայոց լեզուի գործածութեան հարթակներու տեսանկիւնէն շարք մը մտահոգութիւններու։
Զրոյցի աւարտին էսաեանցի աշակերտները տեսագրեցին նաեւ կարճ խօսք մը, որ մաս պիտի կազմէ նախատեսուած հանդէսի ծրագրին։