ԾԱՓԱՀԱՐԵԼԻ ԱՐԴԻՒՆՔ

Երէկ, Ֆէրիգիւղի ընտանիքը արտասովոր խանդավառութիւն մը ապրեցաւ՝ թաղի Մէրամէթճեան վարժարանի ի նպաստ սարքուած տարեկան սիրոյ սեղանին առթիւ։ Նկատի ունենալով, որ մեր կրթական հաստատութիւնները ծանր շրջան մը կը դիմագրաւեն՝ ֆէրիգիւղցիներուն տեսակէտէ ճակատագրական նշանակութիւն ունէր երէկուան սիրոյ սեղանը։ Բարեբախտաբար, հանգանակութեան արդիւնքը եղաւ յաջող եւ սիրոյ սեղանին նախորդած զոհողութիւնները արդարացան բոլոր առումներով։ Մէրամէթճեան վարժարանի տարեկան պիւտճէի բացը թէեւ ամբողջութեամբ չհաւասարակշռուեցաւ, սակայն հանգանակուած գումարը Ֆէրիգիւղի ընտանիքին ներշնչեց վստահութիւն։ Ներկայ եղանակին ցայսօր ապահովուած նուիրատուութիւններու ամենաբարձր նիշը արձանագրուեցաւ Ֆէրիգիւղի մէջ եւ տակաւին այդ գումարին վրայ կրնան աւելնալ այն նուիրատուութիւնները՝ մանաւանդ կարգ մը հաստատութիւններէ։ Ֆէրիգիւղի ընտանիքի եւ Ս. Վարդանանց եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի մեծ ջանքերուն առընթեր, այս յաջողութեան մէջ լուրջ եւ անփոխարինելի դեր մը ունեցաւ յայտնի համայնքային բարերարուհի Մոնիք Երկանեան, որ գլխաւորեց կարգադիր յանձնախումբը։

Երէկ, առաւօտեան կանուխ ժամերէն սկսեալ մեծ եռուզեռ ապրուեցաւ Ս. Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ։ Տ. Արամ Արք. Աթէշեանի հանդիսապետութեամբ, օրուան Ս. Պատարագը մատոյց Պատրիարքարանի լուսարարապետ Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեան։ Ս. Սեղանին սպասարկեցին Հմայեակ Սրկ. Քոչումեան, Սեդրակ Սրկ. Տավութհան, Վաղարշակ Սրկ. Սերովբեան, Սայաթ Սրկ. Չընարեան, Արմենակ Սրկ. Գազանճեան եւ այլ դպիրներ։ Երգեցողութիւնները կատարուեցան Ս. Վարդանանց դպրաց դաս-երգչախումբին կողմէ՝ Ատրուշան Հալաճեանի ղեկավարութեամբ եւ Լիւսի Գահվէճիօղլուի երգեհոնի ընկերակցութեամբ։ Մէրամէթճեան վարժարանէն խումբ մը փոքրիկներ Ս. Պատարագին հետեւեցան՝ գլխաւորութեամբ տնօրէնուհի Արփի Մանուկեանի եւ իրենց ուսուցչուհիներուն։

Ս. Պատարագի ընթացքին Տ. Արամ Արք. Աթէշեան տուաւ օրուան պատգամը։ Այս առթիւ նորին սրբազնութիւնը հայրաբար շինիչ յորդորներ տուաւ պատրիարքական ընտրութեան գործընթացին շուրջ։ Ան շեշտը դրաւ զիրար սիրելու անհրաժեշտութեան վրայ։ Ցաւով մատնանշելով շրջանառութեան մէջ մտած անարգանքներն ու վիրաւորանքները՝ ան ըսաւ. «Ո՞ւր է յարգանքը, ո՞ւր է հասարակութիւնը։ Եկեղեցւոյ ոգին կրեցէք ձեր մէջ։ Ո՞ւր է քրիստոնէութիւնը։ Մենք կ՚ընթանանք դէպի պատրիարքական ընտրութիւն եւ այս շրջանին պէտք չէ որ այսպէս ընենք։ Իրարու հասցէին խօսիլը դարձուցած ենք սովորական։ Սա քրիստոնէութեան յարիր չէ։ Նախ պէտք է մտածել ինքնասրբագրման մասին։ Որպէս պատրիարքի թեկնածու՝ ես կ՚ըսեմ, որ մի՛ փնտռէք մարդոց տկարութիւնները եւ յարգանք ցոյց տուէք բոլորին նկատմամբ»։

Ս. Պատարագէն վերջ սիրոյ սեղան սարքուեցաւ եկեղեցւոյ յարակից «Նազար Շիրինօղլու» սրահին մէջ։ Աշխարհիկ հանդիսութեան եւս նախագահեց Տ. Արամ Արք. Աթէշեան։ Ներկաներու շարքին էին Շիշլիի քաղաքապետ Մուամմէր Քեսքին, Սեւ ծովեան տնտեսական համագործակցութեան կազմակերպութեան մօտ Հայաստանի մշտական ներկայացուցիչ Սահակ Սարգսեան, ներկայացուցչութեան խորհրդական Նաղաշ Յակոբեան, բարերարներ, բազմաթիւ ծանօթ ազգայիններ, համայնքային մարմիններու ներկայացուցիչներ, հասարակական գործիչներ, համակիրներ, Ֆէրիգիւղի ընտանիքի պատասխանատուներ եւ հիւրեր։ Օրուան յայտագիրը գործադրուեցաւ՝ հանդիսավարութեամբ Գարէն Թէրզեանի, Ֆէրիգիւղի թաղային խորհուրդին անունով ելոյթներ ունեցան ատենապետ Մանուկ Էօղէր եւ Ազնիւ Մեծատուրեան։ Սրտի խօսք մըն ալ արտասանեց քաղաքապետ Մուամմէր Քեսքին, որ իր զօրակցութեան առարկայ դարձուցած էր Ֆէրիգիւղի ընտանիքը։ Թաղային խորհուրդը յուշանուէրներ պատրաստած էր թէ՛ Մուամմէր Քեսքինի եւ թէ Մոնիք Երկանեանի համար։ Այդ յուշանուէրները յանձնուեցան ձեռամբ Տ. Արամ Արք. Աթէշեանի, որ հոգելոյս Արա Կիւլէրի հոգեհանգստեան պաշտօնին հանդիսապետելու համար կանուխ հրաժեշտ առաւ սրահէն։ Մեկնելէ առաջ նորին սրբազնութիւնը ունեցաւ կարճ ելոյթ մը, որու ընթացքին մատնանշեց, թէ մեր համայնքային հաստատութիւնները, մանաւանդ վարժարանները կանգուն պահելու նախապայմանն է համայնքէն ներս միասնականութիւնը։

ՄՈՆԻՔ ԵՐԿԱՆԵԱՆԻ ԽՕՍՔԸ

Յայտնի բարերարուհի Մոնիք Երկանեան եւս ելոյթ մը ունեցաւ երէկուան հաւաքոյթին ժամանակ։ Ան բառին բուն իմաստով ահազանգ հնչեցուց համայնքային առկայ խնդիրներուն շուրջ։ Առաջին հերթին Մոնիք Երկանեան խօսեցաւ պատրիարքական ընտրութեան մասին։ Ան քըն-նադատեց Նախաձեռնարկ մարմնի դիրքորոշումը եւ դրուատեց հրաժարեալ անդամներուն կեցուածքը։ Մոնիք Երկանեան ընդգծեց նաեւ համայնքային հաստատութիւններու ներքին զօրակցութեան տկարութիւնը։ Ան համոզուած է, որ մեր ունեւոր հաստատութիւնները պէտք է շատ աւելի համեմատութեամբ աջակցութիւն ցուցաբերեն մեր միւս հաստատութիւններուն։ Ան այս խնդիրը մեկնաբանեց Ֆէրիգիւղի Մէրամէթճեան եւ Թոփգաբուի Լեւոն-Վարդուհեան վարժարաններու հանգամանքներու լոյսին տակ։

Երկանեան շեշտեց, որ Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողանի կողմէ ցուցաբերուած ամուր քաղաքական կամքին շնորհիւ՝ փոքրամասնութիւններու համար կատար-ւած են բարեփոխումներ եւ մեր համայնքն ալ այդ բոլորէն լիուլի օգտուելով տիրացած է նոր միջոցներու, հնարաւորութիւններու։ Դժբախտաբար, այդ բոլորը արդար ձեւով չեն բաժնուիր մեր հաստատութիւններուն միջեւ։ Երկանեան անընդունելի նկատեց, որ նման կարելիութիւններու տիրացած ըլլալով հանդերձ համայնքի օրակարգին վրայ կը գտնուին վարժարաններ փակելու կամ միացնելու նման խնդիրներ։ Երէկ-ւան հանդիսութեան մթնոլորտին մէջ ան խորապէս շնորհակալութիւն յայտնեց նաեւ Մուամմէր Քեսքինին, որ աջակցութիւն ցոյց տուած էր Մէրամէթճեան վարժարանին։

Մոնիք Երկանեանի ելոյթի եզրափակիչ բաժինը յարաբերաբար զգացական էր։ Ան յիշեցուց, որ ամբողջ վեց տասնեակ փորձած էր ըլլալ մեր համայնքի տրամադրութեան տակ ու միշտ ջանացած էր ընդառաջել կարիքներու դիմագրաւման կամ զանազան ծրագրերու համար կազմակերպչական աշխատանքներու մասնակցութեան ակնկալութիւններուն։ Այս բոլորէն վերջ ան յայտնեց, որ այլեւս կը նախատեսէ քիչ մը աւելի թեթեւցնել աշխատանքին թափը, որ թէեւ ինքն ու ամուսինը՝ Արէտ Երկանեան վճռած են իրենց կեանքին մինչեւ վերջը զօրակցիլ մեր համայնքին։ Այս փուլին Մոնիք Երկանեան խորապէս շնորհակալութիւն յայտնեց իր ամուսնոյն՝ երախտաշատ բարերար Արէտ Երկանեանին եւ դստեր՝ Շէյտա Նանեանին, որոնք միշտ խրախուսած են իր համայնքային գործունէութիւնը։

Գեղարուեստական բաժնին մէջ զանազան ելոյթներով հանդէս եկան Մէրամէթճեան վարժարանի սաները, որոնք արժանացան ջերմ ծափահարութիւններու եւ գնահատանքի։ Տղաքը խմբերգներ ալ ներկայացուցին՝ երաժշտութեան ուսուցիչ Յակոբ Մամիկոնեանի մականին ներքեւ։

Եզրափակիչ փուլին՝ փոխան հուսկ բանքի, սփռուեցաւ տեղապահ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեանի տեսաուղերձը։

Երկուշաբթի, Հոկտեմբեր 21, 2019