ԹԱՐԳՄԱՆՉԱՑ ՈԳԵՒՈՐ ՏՕՆԱԿԱՏԱՐՈՒԹԻՒՆ՝ ԷՍԱԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻՆ ՄԷՋ
Էսաեան վարժարանին մէջ նախընթաց օր խանդավառ հանդէս մը տեղի ունեցաւ Թարգմանչաց տօնին առթիւ։ Աշակերտուհիներէն Ալին Նշանի եւ Նարօտ Պօյաճըի հանդիսավարութեամբ գործադրուեցաւ օրուան յայտագիրը, որու առաջին փուլին ցուցադրուեցաւ տեսաերիզ մը՝ հայոց այբուբենի տառերուն եւ Երեւանի Մատենադարանին մասին։
Աւելի վերջ յաջորդաբար արտասանութիւններով հանդէս եկան Լիա Աքքուշ, Մարք Տէրեան, Ալէքս Էշմէզօղլու եւ Միրանտա Նիսնար։
Չորրորդ դասարանէն աշակերտներ անդրադարձան աշխարհի լեզուներու շարքին հայոց այբուբենի տեղին։
Հանդիսութեան տեւողութեան շարունակուեցան արտասանութիւնները, երգերը եւ պարերը։ Բեմայարդարումը կատարուած էր գծագրութեան ուսուցչուհի Նելլի Գարագայայի կողմէ։
Յայտագրի աւարտին դպրոցի միջնակարգի բաժնի տնօրէնուհի Առլին Եշիլթէփէ հանդէս եկաւ շնորհաւորութեան խօսքով մը։ Այս առթիւ ան գնահատեց այս ձեռնարկի կազմակերպման գծով պատասխանատուութիւն ստանձնած կրթական մշակները եւ յայտագրին մասնակից աշակերտները։
Հանդէսին ներկայ գտնուեցան ուսուցչական կազմը, աշակերտութիւնը, ծնողներ եւ հիւրեր։