ՕՐԹԱԳԻՒՂԻ ԹԱՐԳՄԱՆՉԱՑ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ ԱՇԱԿԵՐՏՆԵՐԸ ՓԱՅԼՈՒՆ ՅԱՋՈՂՈՒԹԻՒՆՆԵՐ ԱՐՁԱՆԱԳՐԵՑԻՆ ՆԿԱՐՉՈՒԹԵԱՆ ՈԼՈՐՏԻՆ ՄԷՋ

Օր­թա­գիւ­ղի Թարգ­ման­չաց վար­ժա­րա­նը վեր­ջերս մաս­նակ­ցե­ցաւ «Լիոնս» ա­կում­բին նա­խա­ձեռ­նու­թեամբ կազ­մա­կեր­պուած «Ապ­րիլ խա­ղա­ղու­թեամբ» խո­րագ­րեալ նկար­չու­թեան մրցոյ­թի մը։ Այս շրջագ­ծով մրցոյ­թին մաս­նա­կից­նե­րը ծա­նու­ցա­պաս­տառ­ներ նկա­րե­լու ուղ­ղու­թեամբ տա­րին ստեղ­ծա­գոր­ծա­կան աշ­խա­տանք։ Թար­գա­ման­չա­ցի տղա­քը յա­ջող մաս­նակ­ցու­թիւն բե­րին այս մրցոյ­թին՝ ի­րենց գծագ­րու­թեան ու­սուց­չու­հիին հսկո­ղու­թեան ներ­քեւ։ Ար­դիւն­քին, Տէօ­նիզ Թուղ­րաք եւ Սե­լե­ն Ա­նա­յիս Ար­թուչ դա­սուե­ցան մրցոյ­թի յա­ջո­ղա­գոյն­նե­րու շար­քին։ Եր­կուքն ալ ու­շագ­րաւ խորհր­դան­շան­նե­րով հիւսած էին ի­րենց գոր­ծե­րը, ինչ որ ա­նոնց յա­ջո­ղու­թեան տե­սա­կէ­տէ ու­նե­ցաւ կա­րե­ւոր նշա­նա­կու­թիւն։ Եր­կու­քին ալ նուա­ճու­մը մեծ ո­գե­ւո­րու­թիւն ստեղ­ծեց դպրո­ցէն ներս։

​Միւս կող­մէ, ա­տամ­նա­բոյժ Մկրտիչ Կիւ­լէ­զեան վեր­ջերս այ­ցե­լեց Թարգ­ման­չաց վար­ժա­րան, ուր քննեց ա­շա­կերտ­նե­րը եւ ա­նոնց հետ զրու­ցեց բեր­նի ու ակ­ռա­նե­րու խնամ­քին շուրջ։

Շաբաթ, Նոյեմբեր 21, 2015