ՖԷՐԻԳԻՒՂԻ ՄԷՐԱՄԷԹՃԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԷՆ ՆԵՐՍ ԽԱՂԱՎԱՅՐԻ ԲԱՑՈՒՄ

Ֆէրիգիւղի ընտանիքը երէկ յատկանշական օր մը ապրեցաւ՝ Շիշլիի քաղաքապետարանի հովանաւորութեամբ թաղի Մէրամէթճեան վարժարանէն ներս կառուցուած խաղավայրի պաշտօնական բացման արարողութեան առթիւ։ Շիշլիի քաղաքապետ Հայրի Ինէօնիւ եւ քաղաքապետարանէն խումբ մը բարձրաստիճան պաշտօնատարներ այս առթիւ այցելեցին Մէրամէթճեան վարժարան։ Քաղաքապետը ջերմ մթնոլորտի մը մէջ հիւրընկալուեցաւ Ֆէրիգիւղի թաղային խորհուրդի ատենապետ Մանուկ Էօղէրի եւ իր գործակից ընկերներուն, Մէրամէթճեան վարժարանի հիմնադրի ներկայացուցիչ Աւետիս Հաճընլեանի, տնօրէնուհի Արփի Մանուկեանի, այլ պատասխանատուներու եւ աշակերտներու կողմէ։ Քաղաքապետը շրջայց մը կատարեց դպրոցէն ներս եւ աւելի վերջ պաշտօնապէս բացաւ նոր խաղավայրը։ Հանդիսութեան ընթացքին ելոյթներով հանդէս եկան Մանուկ Էօղէր, Արփի Մանուկեան եւ յանուն աշակերտութեան՝ Արտէն Փոլատ։ Քաղաքապետ Ինէօնիւին Ֆէրիգիւղի ընտանիքին անունով յանձնուեցաւ յուշանուէր մը։ Ինէօնիւն ալ հանդէս եկաւ սրտի խօսքով մը։

Բացման պաշտօնական հանդիսութեան մասնակիցները կէսօրուան ժամերուն միասնաբար ճաշեցին վարժարանին մէջ։

Չորեքշաբթի, Նոյեմբեր 21, 2018