ԱՒԱՆԴԱԿԱՆ ԾԻՍԱԿԱՏԱՐՈՒԹԻՒՆ

Պոլսահայ մշակութային կեանքի մղիչ ուժերէն երեք արուեստագէտներ՝ Ժուլիա Մութլու, Ժանին Փափազեան եւ Արամ Կոստանեան ներկայիս ձեռնամուխ եղած են գեղարուեստական նոր հանդիսութեան մը պատրաստութեան։ Նախընթաց օր հաճոյքն ունեցանք խմբագրատանս մէջ հիւրընկալելու զանոնք եւ այս առթիւ մանրամասն բացատրութիւններ լսեցինք իրենց ծրագրին շուրջ։

Այս երեք արժէքաւոր արուեստագէտները մշակած են ծրագիր մը, որ կը կոչուի «Աւանդական ծիսակատարութիւն»։ Անոնք երեքն ալ այս ծրագիրը մշակելու ժամանակ ի գործ դրած են իրենց հարուստ փորձառութիւնը եւ այժմու մտայղացումը ունեցած են՝ ի շարունակութիւն իրենց նախկին իրագործումներուն։

Յառաջիկայ ամսուան սկիզբին Պաքըրգիւղի մէջ, իսկ նոր տարիին ալ Շիշլիի մէջ պիտի ներկայացուի «Աւանդական ծիսակատարութիւն»ը։ Երկար ժամանակէ ի վեր այս ծրագրի իրականացման համար փորձեր կը կատարուին Կեդրոնական սանուց միութեան հաւաքատեղիին մէջ։ Ժուլիա Մութլու, Ժանին Փափազեան եւ Արամ Կոստանեան յաջողած են գործակիցներու խումբ մը համախմբել իրենց շուրջ եւ ամէն ինչ բծախնդիր ձեւով յառաջ կը տարուի՝ արդարացնելու համար գեղարուեստասէրներու ակնկալութիւնները։ Հարկ է նշել, որ Ժուլիա Մութլու ո՛չ միայն իր գեղարուեստական պաշարը, եռանդն ու փորձառութիւնը կը ներդնէ այս ծրագրին համար, այլ նաեւ՝ սեփական միջոցներով կը դիմագրաւէ անոր բոլոր ծախսերը։

Յաջողութիւն կը մաղթենք Ժուլիա Մութլուին, Ժանին Փափազեանին եւ Արամ Կոստանեանին, որպէսզի իրենց գործակիցներուն հետ ի կատար ածեն «Աւանդական ծիսակատարութիւն»ը։

Հինգշաբթի, Նոյեմբեր 21, 2019