ԱՅՍ ՇԱԲԱԹԱՎԵՐՋԻՆ ԵՇԻԼԳԻՒՂԻ ՄԷՋ ԿԸ ՍԱՐՔՈՒԻ ՍԻՐՈՅ ՍԵՂԱՆ

Շաբաթավերջին Եշիլգիւղի Ս. Ստեփանոս եկեղեցւոյ մէջ տեղի պիտի ունենայ տարեկան անուան տօնախմբութիւն, որուն պիտի յաջորդէ թաղի վարժարանին ի նպաստ տարեկան աւանդական հանգանակութիւնը։ Նախընթաց օր հաճոյքն ունեցանք Եշիլգիւղի թաղային խորհուրդի ատենապետ Հապիպ Էօզֆուրունճուն եւ թաղի աշխոյժ ազգայիններէն Յովնան Տուրսունը ընդունելու խմբագրատանս մէջ։ Ըստ ընկալեալ սովորութեան, տարեկան սիրոյ սեղանի ընդառաջ անոնք փափաքած էին այցելել խմբագրատունս եւ տեղեկութիւններ փոխանցել Եշիլգիւղի ընտանիքի ծաւալած գործունէութեան շուրջ։

Զրոյցի ընթացքին հիւրերը բացատրութիւններ տուին Եշիլգիւղի վարժարանի ներկայ կացութեան, ինչպէս նաեւ թաղային խորհուրդի հետապնդած կալուածներու հարցերուն շուրջ։ Մեր զրուցակիցները յայտնեցին, որ կ՚ապաւինին համայնքային շրջանակներու զօրակցութեան՝ Եշիլգիւղի վարժարանի գործունէութիւնը կայուն հունի մը մէջ պահելու համար։

Ուրբաթ, Դեկտեմբեր 21, 2018