ԸՆՏՐԵԱԼ-ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՐԸ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՀԱՄԱՅՆՔԱՅԻՆ ՄԱՐՄԻՆՆԵՐՈՒ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՉՆԵՐԸ

Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Ընտրեալ-պատրիարք Սրբազան Հօր ընտրութենէն ետք, Պատրիարքարանի մէջ շնորհաւորական խանդավառութիւնը կը շարունակուի։ Երեքշաբթի, քոյր եկեղեցիներու ներկայացուցիչներու այցելութեամբ արդէն իսկ սկսած էր եռուզեռ մը։ 19 դեկտեմբեր, հինգշաբթի, համայնքային մարմիններու ներկայացուցիչներով շարունակուեցաւ սոյն ոգեւորիչ հանդիպումները։ Ամեն. Սրբազան Պատրիարք Հայրը իր մօտն ունենալով հոգեւորականներ, օրուան տեւողութեան Պատրիարքարանի դահլիճին մէջ ընդունեց համայնքային մարմիններու, թաղային խորհուրդներու եւ յարակից մարմիններու, դպրաց դասերու եւ սանուց միութեանց, հայրենակցական միութեանց եւ տիկնանց յանձնախումբերու ներկայացուցիչներու շնորհաւորութիւնները։

Առաւօտեան կանուխ ժամերուն արդէն իսկ վարչայիններ սկսած էին փութալ Պատրիարքարան։ Պատրիարք Հայրը ամենայն խանդավառութեամբ ընդունեց համայնքային մարմիններու ներկայացուցիչները։ Գրեթէ բոլոր վարչութիւնները՝ իրենց հոգեւոր հովիւներուն կամ ատենապետներուն առաջնորդութեամբ, ողջունեցին Պատրիարք Սրբազան Հօր ընտրութիւնը եւ առին անոր Աջը։ Մասնաւորապէս ողջունելի էր Պոլսոյ ամենահայահոծ թաղերու բազմաթիւ ներկայացուցիչներէ բաղկացեալ պատուիրակութիւնները։

Պատրիարք Հայրը առիթէն օգտագործուելով իւրաքանչիւր այցելու մարմնէն հակիրճ տեղեկութիւններ քաղեց իրենց գործունէութեանց մասին։ Իր խօսքերուն մէջ մասնաւորապէս շեշտը դրաւ համայնքային կեանքէ ներս ստեղծուած եռուզեռին։ Ուրախացուցիչ տեսարան էր, քանի թէ՛ Պոլսոյ, թէ՛ Հայաստանի եւ թէ արտասահմանի մէջ հայկական շրջանակներ ոգեւորուած էին Պոլսոյ Պատրիարքական Աթոռոյ պատրիարքին ընտրութեամբ։ Պոլսոյ Աթոռը եւ պոլսահայութիւնը իր անցեալով կարեւոր տեղ ունեցած էր հայ ժողովուրդի իրականութեան մէջ եւ ընտրութիւնը ապագայի նկատմամբ ժողովուրդին յոյսերը թարմացնելու առիթ կը հանդիսանար։ Պատրիարք Հայրը բոլոր այցելուներուն յիշեցուց, թէ Պատրիարքարանը ժողովուրդին տունն է եւ դռները միշտ բաց պիտի մնան համայնքին առջեւ։ Ան թելադրեց որ, զանազան առիթներով ուրիշներ եւս այցելեն Պատրիարքարան. շնչեն մթնոլորտը, ականատեսը դառնան Աթոռոյ գործունէութեանց եւ իրենց մասնակցութիւնը բերեն աշխատութեանց։ Աթոռոյ գործունէութիւնը հիմնաւորուած է ժողովուրդէն եկած ձայնին, հետեւաբար համայնքին խնդրանքներն ու նեղութիւնները միշտ նկատի պիտի առնուին Պատրիարքարանէ ներս։ Յիշեցուց նաեւ, թէ ծառայութիւնը որպէսզի յաջողութեամբ պսակուի, հաստատութիւնները եւս պէտք է ականջ տան Աթոռոյ կոչերուն եւ պատգամներուն։

Երկարաշունչ այցելութեանց պահուն, ներկաներու շարքին կային նաեւ երիտասարդներ, որոնց ուղղած պատգամին մէջ Պատրիարք Հայրը շեշտադրեց, թէ երիտասարդը այն անձն է, որ տարիքէն անկախ ըլլալով կը մտածէ ու խօսի ապագայի մասին։ Պատրիարք Սրբազանը շեշտեց, թէ Պատրիարքական Աթոռը եւս պիտի մտածէ իր ժողովուրդի ապագան եւ պիտի գործէ այս ձեւով։ Հետեւաբար, ան մաղթեց, որ ծրագիրներ յաջողութեամբ պսակուին եւ պատմական Աթոռը միշտ թարմ մնայ իր առաքելութեամբ։

Շաբաթ, Դեկտեմբեր 21, 2019