ՅՈՒԶՈՒՄՆԱԽԱՌՆ ՀՐԱԺԵՇՏ

Համայնքային շրջանակները շաբաթավերջին ցաւ ի սիրտ հրաժեշտ տուին յայտնի բարերար Անդօ Բարունակեանին, որու անժամանակ մահը վերջին օրերուն ստեղծեց մեծ ցաւ։ Պէյօղլուի Ս. Երրորդութիւն եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ լուսահոգի Անդօ Բարունակեանի փառաշուք յուղարկաւորութիւնը, որուն նախագահեց Տ. Արամ Արք. Աթէշեան։ Ներկայ էին նաեւ Կրօնական ժողովի ատենապետ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան եւ բազմաթիւ հոգեւոր հայրեր։

Անդօ Բարունակեանի դագաղը զետեղուած էր մահաբեմի վրայ։ Լուսաշող տաճարի ճիշդ կեդրոնը՝ մահաբեմին շուրջ համախմբուած էին հոծ թիւով յուղարկաւորներ, որոնք իրենց վերջին յարգանքը մատուցին հանգուցեալին նկատմամբ։ Յուզումնախառն հրաժեշտի մթնոլորտին մէջ հանդիսադիր Տ. Արամ Արք. Աթէշեան խօսեցաւ կուռ դամբանական մը։ Նորին սրբազնութիւնը անդրադարձաւ Անդօ Բարունակեանի կողմէ մեր համայնքին ի նպաստ մատուցուած ծառայութիւններուն՝ միշտ իր աւագ եղբօր՝ Ասատուր Բարունակեանի հետ։

Յուղարկաւորութեան աւարտին նորոգ հանգուցեալ Անդօ Բարունակեանի անշունչ մարմինը փոխադրուեցաւ Շիշլիի գերեզմանատունը, ուր ամփոփուեցաւ իր ընտանեկան դամբարանին մէջ։

Այս տխուր առթիւ անգամ մը եւս երկնային հանգիստ կը հայցենք հանգուցեալ Անդօ Բարունակեանի բարի հոգւոյն եւ մեր խորազգած վշտակցութիւնները կը կրկնենք՝ իր այրիին եւ համայն իր ընտանիքին համար։

Երկուշաբթի, Յունուար 22, 2018