ՍԱՀԱԿԵԱՆ-ՆՈՒՆԵԱՆ ԼԻՍԷԻ ԾՆՈՂԱՑ ՄԻՈՒԹԵԱՆ ՆԱԽԱՁԵՌՆՈՒԹԵԱՄԲ ՆԱԽԱՃԱՇ

Սամաթիոյ Սահակեան-Նունեան լիսէի ծնողաց միութիւնը վերջերս կազմակերպեց նախաճաշի հաւաքոյթ մը։ Եշիլեուրտի «Մանզարա» ճաշարանին մէջ տեղի ունեցաւ այս հաւաքոյթը, որուն մասնակցեցան դպրոցի աշակերտներու ծնողները։ Ներկայ կրթական շրջանի առաջին եռամսեայի աւարտական փուլին զուգադիպած հաւաքոյթը անցաւ ջերմ մթնոլորտի մը մէջ։ Աշակերտութեան ծնողները հնարաւորութիւն ունեցան զիրար մօտէն ճանչնալու։ Հաւաքոյթին ներկայ գտնուեցան նաեւ Սահակեան-Նունեան լիսէի տնօրէնուհի Մարի Սարուխանեան եւ վարժարանի միջնակարգի բաժնի տնօրէնուհի Պելինտա Մըխճըօղլու։

Նախաճաշի հաւաքոյթը կազմակերպած ծնողաց միութիւնը կը գլխաւորէ Լինտա Կետիկ։ Միւս անդամուհիներն են՝ Լեռնա Թորոսօղլու, Թալին Էօրս, Լիզա Խորազաքեան, Գարին Թեզեքճի, Սօնիա Եաղար, Ֆիլոր Սերգիսեան, Նեճլա Աճար, Մարալ Խորասան, Թանիա Տիւրիւշ եւ Հիլտա Տեստիճի։

Երկուշաբթի, Յունուար 22, 2018