ՊՈՄՈՆԹԻԻ ՄԽԻԹԱՐԵԱՆ ԵՒ ՍԱՄԱԹԻՈՅ ԱՆԱՐԱՏ ՅՂՈՒԹԻՒՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆՆԵՐՈՒ ՍԱՆԵՐԸ ԱՅՑԵԼԵՑԻՆ ԱՆԳԱՐԱ

Պոմոնթիի Մխիթարեան եւ Սամաթիոյ Անարատ Յղութիւն վարժարաններու սաներէն բաղկացեալ խումբ մը վերջերս երկօրեայ այցելութիւն մը տուաւ Անգարա։ Թուրքիոյ Կաթողիկէ հայոց վիճակաւոր Տ. Լեւոն Արք. Զեքիեան գլխաւորեց այս այցելութիւնը, որու ընթացքին տղաքը շրջեցան մայրաքաղաքի զանազան տեսարժան վայրերը։ Այս ամբողջին մէջ յատկանշական էին Աթաթիւրքի յուշադամբանը եւ Ազգային մեծ ժողովի համալիրը։

Տղաքը Անգարայի Սրբուհի Թերեզա ֆրանսական մատրան մէջ մասնակցեցան Ս. Պատարագի, զոր մատոյց Զեքիեան Գերապայծառ։ Երգեցողութիւնները կատարեցին ներկայ աշակերտները՝ առաջնորդութեամբ Սէրճան Կազերօղլուի եւ Սեսիլ Գահվեճիօղլուի։

Չորեքշաբթի, Յունուար 22, 2020