ԷՍԱԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ ՄԷՋ ԽԱՆԴԱՎԱՌ ՁԵՌՆԱՐԿ՝ ՀԱՄԱՇԽԱՐՀԱՅԻՆ ՄԱՅՐԵՆԻԻ ՕՐՈՒԱՆ ԱՌԹԻՒ

Ե­րէկ, Է­սաեան վար­ժա­րա­նի մէջ ձեռ­նարկ մը տե­ղի ու­նե­ցաւ՝ Հա­մաշ­խար­հա­յին մայ­րե­նիի օ­րուան առ­թիւ։ Սո­վո­րա­կան ձե­ւա­չա­փէ դուրս կազ­մա­կեր­պուած էր մայ­րե­նիին ձօ­նուած օ­րուան յայ­տա­գի­րը։ Է­սաեան­ցի­նե­րը օգ­տա­գոր­ծե­ցին ամ­բողջ դպրո­ցի շէն­քը՝ փո­խան­ցե­լու հա­մար այն պատ­գա­մը, որ կեան­քի բո­լոր ո­լորտ­նե­րուն մէջ կա­րե­լի է օգ­տա­գոր­ծել մայ­րե­նին։ Ծրագ­րի պատ­րաս­տու­թիւ­նը վե­րահս­կած էին հա­յե­րէ­նի ու­սուց­չու­հի­ներ՝ Ար­մա­ւե­նի Մի­րօղ­լու, Մա­րալ Էպէօղլու Սա­թար եւ Սե­սիլ Տեմիրճի Քա­րա­հի­սա­րի­տիս։ Է­սաեան լի­սէի տնօ­րէ­նու­հի Սա­թե­նիկ Նշան եւ ամ­բողջ ու­սուց­չա­կան կազ­մը մաս­նակ­ցու­թիւն բե­րին ա­շա­կերտ­նե­րու գոր­ծադ­րած յայ­տագ­րին՝ խրա­խու­սե­լով ա­նոնց ե­ռան­դը։ Տղա­քը հան­դէս ե­կան զա­նա­զան ե­լոյթ­նե­րով, ո­րոնց ա­ռըն­թեր տե­ղի ու­նե­ցան բա­ռա­խա­ղեր, դպրո­ցի աս­տի­ճան­նե­րուն վրայ եւ նրբանցք­նե­րուն մէջ ներ­կա­յա­ցուե­ցան հա­յե­րէ­նով ի­մաս­տա­լից պատ­գամ­ներ ցո­լաց­նող կար­գա­խօս­ներ։

Յայ­տագ­րի ըն­թաց­քին ար­տա­սա­նե­ցին՝ Ալ­պերթ Մի­սա­քեան, Այգ Նալ­պան­տեան, Նա­յի­րի Տել­կի, Անդ­րա­նիկ Պա­քըր­ճըօղ­լու, Ան­նա Ի­վա­նեան, Մար­կա­րի­թա Սար­տա­րեան։

Պա­րեր ներ­կա­յա­ցու­ցին՝ Նեն­սի Տին­կիլ­լիօղ­լու, Նա­թա­լի Պար­սա­մեան։

Ե­րաժշ­տա­կան կա­տա­րում­նե­րով հան­դէս ե­կան՝ Էտ­կար Ի­գի­թեան (կի­թառ), Առ­լին Տու­ման, Լա­րիս­սա Եըլ­մազ, Նա­յի­րի Պիւ­յիւք­սիմ­քէ­շեան։ 

   

Չորեքշաբթի, Փետրուար 22, 2017