ՑՈՒՑԱԴՐՈՒԹԻՒՆ ԵՒ ՔՆՆԱՐԿՈՒՄ

Երէկ երեկոյեան, «Քոմշու քափըսը» Մաչքայի զօրակցութեան միութեան երդիքին տակ ցուցադրուեցաւ «Փակ սահմանի երկխօսութիւն» ժապաւէնը։ Թուրքիա-Հայաստան յարաբերութիւններուն ձօնուած փաստավաւերագրական գործ մըն է այս մէկը, որ 2015 թուականին արտադրուած էր Երեւանի «Վերսուս սթիւտիօ»ի նախաձեռնութեամբ եւ Պատմութեան հիմնարկի (Tarih Vakfı) համագործակցութեամբ։ Երէկուան ցուցադրութեան ներկայ գտնուեցան «Վերսուս սթիւտիօ»ի պատասխանատուներէն Տիգրան Պասկեւիչեան եւ շարժանկարի աշխարհի յայտնի դէմքերէն Մեսուտ Եաշար Թուֆան, որ Պատմութեան հիմնարկին անունով ժապաւէնի արտադրութեան մասնակցած էր որպէս համակարգող։ Ներկայ էր նաեւ ԺԱՄԱՆԱԿ-ի գլխաւոր խմբագիր Արա Գօչունեան, որ եղած էր այդ ծրագրի խորհրդականը։

«Քոմշու քափըսը»ի երդիքին տակ պարբերաբար կը ներկայացուին վաւերագրական ժապաւէններ եւ այդ ցուցադրութիւններուն հիման վրայ տեղի կ՚ունենան քննարկումներ։ Երէկ երեկոյեան ալ ձեռնարկը տեղի ունեցաւ նոյն ձեւաչափով։ Նախ ցուցադրուեցաւ ժապաւէնը, որմէ վերջ ներկաները կարծիքի փոխանակումներով հանդէս եկան իրենց տպաւորութիւններու լոյսին տակ։

Հինգշաբթի, Փետրուար 22, 2018