ՖԷՐԻԳԻՒՂԻ ՄԷՐԱՄԷԹՃԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ 8-ՐԴ ԴԱՍԱՐԱՆԻ ԱՇԱԿԵՐՏՆԵՐԸ ԱՅՍ ԱՌԱՒՕՏ ԱՅՑԵԼԵՑԻՆ ԺԱՄԱՆԱԿ-Ի ԽՄԲԱԳՐԱՏՈՒՆԸ

Այս առաւօտ հաճոյքն ունեցանք խմբագրատանս մէջ հիւրընկալելու Ֆէրիգիւղի Մէրամէթճեան վարժարանի 8-րդ դասարանի սաները։ Հայերէնի նուիրեալ ուսուցչուհի Հերա Իսքէնտէրօղլուի գլխաւորութեամբ տղաքը այցելեցին խմբագրատունս, ուր օրուան սկիզբին ստեղծեցին խանդավառ մթնոլորտ։

Մէրամէթճեան վարժարանի աշակերտութիւնը Մայրենի լեզուի համաշխարհային օրուան շարժառիթով կազմակերպած է մասնաւոր ձեռնարկ մը։ Թէ՛ Ֆէրիգիւղի ընտանիքին եւ համայնքային վարժարաններու աշակերտութեան համար ներկայացուած այդ ծրագիրը յառաջիկայ երկուշաբթի պիտի կրկնուի նաեւ համայնքային շրջանակներու համար։ Տղաքը եկած էին թէ՛ մեզի ալ հրաւիրելու եւ թէ այս կապակցութեամբ մանրամասնութիւններ ներկայացնելու։ Զրոյցի տեւողութեան անոնք բաւական համարձակ եւ հիմնաւորուած արտայայտութիւններ ունեցան հայերէնի պարագային։ Ընդհանրապէս այս դասարանը կը բաղկանար զգալիօրէն հասուն աշակերտներէ եւ անոնց համախմբումը զգալի կը դարձնէր մակարդակը։

Տղաքը ԺԱՄԱՆԱԿ-ի խմբագրատունէն հրաժեշտ առին՝ ժամադրուելով երկուշաբթի օրուան իրենց ձեռնարկին համար, որուն կը սպասեն մեծ խանդավառութեամբ ու բարձր տրամադրութեամբ։

Ուրբաթ, Փետրուար 22, 2019