ԱՄԵՆ. Ս. ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀՕՐ ՀՈՎՈՒԱՊԵՏԱԿԱՆ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ ԿԸ ՇԱՐՈՒՆԱԿՈՒԻՆ

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան կը շարունակէ անդրանիկ հովուապետական այցելութիւններ շնորհել մեր եկեղեցիներուն։ Այսպէս, Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը նախընթաց օր այցելեց Պէշիկթաշի Ս. Աստուածածին, Օրթագիւղի Ս. Աստուածածին, Գուրուչէշմէի Երեւման Ս. Խաչ, Ռումելի Հիսարի Ս. Սանդուխտ, Պոյաճըգիւղի Ս. Երից Մանկանց եւ Ենիգիւղի Գիւտ Տփոյ Ս. Աստուածածին եկեղեցիները։ Նորին Ամենապատուութիւնը այս բոլոր եկեղեցիներուն մէջ դիմաւորուեցաւ աւանդական աղ ու հացով եւ «Հրաշափառ»ի արարողութեամբ։ Իրեն ընկերացան Պատրիարքական փոխանորդ Տ. Գրիգոր Ա. Քհնյ. Տամատեան եւ մեր հոգեւորականաց դասէն զանազան ներկայացուցիչներ։ Օրթագիւղի մէջ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը իր մասնաւոր գուրգուրանքին եւ ջերմ վերաբերմունքին առարկայ դարձուց Ս. Թարգմանչաց վարժարանի սաները։

Շաբաթ, Փետրուար 22, 2020